Էտմոն Ֆատել. «Պիտի Չներենք Եւ Պիտի Չսակարկենք Մեր Նահատակներուն Թափած Արիւնով»

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Էտմոն Ֆատել շեշտեց, որ բանակը ոչ մէկ ձեւով սակարկութեան պիտի կատարէ Արսալի մէջ ինկած իր նահատակներուն թափած արիւնով: Ան շեշտեց, որ այդ մեղքը աններելի եւ անմոռանալի է:

Ֆատել ընդգծեց, որ բանակին դէմ ձեռք երկարելը դիւրին եւ սովորական բան չէ, իսկ բանակին դէմ յարձակող բոլոր յանցագործները պահանջուած են:

Էտմոն Ֆատել հաստատեց, որ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ջոկատը Արսալ ուղղուած էր ձերբակալելու համար Խալետ Հմայէտը, որ վտանգաւոր անձ մըն էր եւ պահանջուած էր ոչ միայն լիբանանեան պետութեան կողմէ, այլեւ` միջազգային առումով:

Ֆատել հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Հըզպալլա եւս մասնակցած է Արսալի մէջ բանակի ջոկատին կազմակերպած յարձակումին` աւելցնելով, որ բանակը քաղաքականութեան հետ առնչուած չէ:

Էտմոն Ֆատել ընդգծեց, որ Արսալի ոճիրը գործուած է Արսալի քաղաքապետին տեղեկութեամբ. ան նշեց, որ մտահոգութիւններ չկան, որ Արսալ նոր Նահր Պարետի մը վերածուի` նկատել տալով միաժամանակ, որ Արսալ էմիրութեան մը պիտի չվերածուի:

 

Share this Article
CATEGORIES