ԱԹԼԵԹԻԶՄԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ` ԺԱՄՀՈՒՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. ԼՈՐԻ ԹԱՇՃԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ԵՐԿՈՒ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ, ԻՍԿ ԱՐԻՆ ԳԱՍԱՊԵԱՆ` ՄԷԿ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ

Լորի Թաշճեան (ձախին) եւ Արին Գասապեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, երէկ Ժամհուր ակումբին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի երկսեռ երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ բազմաթիւ ակումբներու եւ վարժարաններու:

Շանվիլ ակումբին մաս կազմող Լորի Թաշճեան յաջողեցաւ տիրանալ երկու առաջնութիւններու` տպաւորիչ ելոյթներ ունենալէ ետք:

400 մեթր վազքի մրցումներուն, Լորի Թաշճեան խլեց առաջին դիրքը` արձանագրելով 1 վայրկեան եւ երկու երկվայրկեան արդիւնք մը: Ան իր երկրորդ առաջնութեան տիրացաւ 200 մեթր վազքի մրցումներուն` արձանագրելէ ետք 27 երկվայրկեան արդիւնք մը:

Շանվիլ ակումբին մաս կազմող այլ մասնակցող մը` Արին Գասապեան, իր կարգին տիրացաւ առաջնութեան մը, երբ 1500 մեթր վազքի մրցումներուն արձանագրեց 5 վայրկեան եւ 29 երկվայրկեան արդիւնք մը:

Կը շնորհաւորենք Լորի Թաշճեանն ու Արին Գասապեանը` անոնց ձեռք ձգած այս յաջողութիւններուն համար, միեւնոյն ժամանակ մաղթելով, որ յառաջիկային տեղի ունենալիք այլ մրցաշարքերուն այլ հայ մասնակցողներ ալ հետեւին անոնց օրինակին:

 

Share this Article
CATEGORIES