ՀԵԸ-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀՄԸՄ ՏԻՐԱՑԱՒ ՀԻՆԳ ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Կազմակերպութեամբ ՀԵԸ-ի ճատրակի յանձնախումբին, կիրակի, 8 մայիսին Նազարեան վարժարանին մէջ (Հըրշ Թապեթ) տեղի ունեցաւ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին միայն հայկական վարժարանները:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 33 աշակերտներ` հետեւեալ վարժարաններէն. Ճեմարան (11 աշակերտ), Կերթմենեան (10), Եղիշէ Մանուկեան (5), Մեսրոպեան (5), Կ. Բ. Վ. (1), Շամլեան-Թաթիկեան (1), Յովակիմեան (1) եւ Թէքէեան (1):
Ինչպէս որ յայտարարուած էր, առաջին հանդիսացողները բաժակի եւ մետալի տիրանալէ բացի կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ ստացան նաեւ նիւթական պարգեւներ: Մետալներ ստացան նաեւ 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւողները:
Հինգ դասակարգերուն մէջ առաջին դիրքը գրաւեցին ՀՄԸՄ-ի ճատրակի խաղացողները` հետեւեալ ձեւով. Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան (8 տարեկանէն վար), Արի Աւետիս (10 տարեկանէն վար), Քարլօ Դարբինեան (12 տարեկանէն վար), Սթիւ Աշգարեան (14 տարեկանէն վար) եւ Ռազմիկ Օգնայեան (20 տարեկանէն վար):
Վերոնշեալներէն բացի, բոլոր մասնակցողներն ալ ունեցան տպաւորիչ ելոյթներ, մանաւանդ որ անոնցմէ ոմանք ամբողջութեամբ նորեկներ էին ճատրակի աշխարհին մէջ եւ իրենց առաջին մրցաշարքը կը կատարէին:
Քաջալերանքի խօսքը կ՛երթայ նախ եւ առաջ կազմակերպիչներուն, որոնք մրցաշարքը կազմակերպելէ բացի իրենց ճաշի հիւրը դարձուցին մասնակցողները եւ անշուշտ նիւթական պարգեւներ ալ տուին առաջին հանդիսացողներոււն:
Շնորհակալութեան խօսք կ՛երթայ նաեւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամներէն Վարդան Նաճարեանի եւ Էլի Հուլիշեանի, կազմակերպիչ յանձնախումբին պատասխանատու Րաֆֆի Ճիկերեանի եւ իրաւարարի պաշտօն ստանձնած Ժիրայր Օգնայեանի:
Վերջապէս, շնորհակալութեան վերջին խօսքը մասնակցողներուն ծնողներուն, որոնք իրենց կիրակին «զոհեցին» իրենց զաւակներուն սիրոյն:
Ստորեւ կու տանք ճատրակի մրցումներուն ամբողջական արդիւնքները.
8 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿԷՏ
1.- Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան 4
2.- Ռուբէն Մարտիրոսեան 4
3.- Վահագն Ղազարեան 3,5
4.- Հրայր Գասապեան 3
5.- Նանօր Առաքելեան 3
6.- Սինթիա Թաշճեան 3
7.- Նարօտ Գըլըպոզեան 3
8.- Արտակ Ասատուրեան 0,5
10 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
1.- Արի Աւետիս 6
2.- Կարէն Խալոյեան 4
3.- Շահան Հաւաթեան 3,5
4.- Եորկօ Տարագճեան 3,5
5.- Հրակ Ճինպաշեան 3
6.- Լեւոն Գալայճեան 3
7.- Պերճ Գրիգորեան 1
8.- Քրիստ Քերճեան 0
12 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
1.- Քարլօ Դարբինեան 5
2.- Ճորճ Ասարեան 4
3.- Քարինա Գարակիւլէեան 4
4.- Հայկ Աւետիս 3,5
5.- Մարինա Գարակիւլէեան 3,5
6.- Քարին Թաշճեան 3,5
7.- Խաչիկ Մարգարեան 3,5
8.- Դաւիթ Մաթէոսեան 2
9.- Վանիա Թաշճեան 1
14 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
1.- Սթիւ Աշգարեան 4,5
2.- Կարօ Գալֆուճեան 4
3.- Շանթ Տիքիճեան 3
4.- Միրէյ Թաշճեան 2
5.- Շնորհք Չերչեան 1,5
6.- Ճեսսի Գէորգեան 0
20 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
Ռազմիկ Օգնայեան – Յակոբ Հարֆուշեան 3-0