ԹԱԿԱՐԴՈՒԱԾ ՂԵԿԱՎԱՐԸ (Լեւոն Տէր Պետրոսեանի անփառունակ շրջադարձը)

Քաղաքականութիւնը անել կացութիւններուն ելք գտնելու եւ աննպաստ պայմաններէն հնարաւոր նուազագոյն վնասով դուրս գալու հմտութիւնը, ինչպէս եւ փոխադարձաբար` նպաստաւոր պայմաններէն հնարաւոր առաւելագոյն օգուտը քաղելու ճկունութիւնը կը պահանջէ:

Ուրեմն, քաղաքականութիւնը հնարաւորին արուեստն է:

Այս կը նշանակէ, որ ղեկավարներ թէ քաղաքական գործիչներ վստահութիւն կը վայելեն ու կը ներշնչեն այնչափով, որքանով անոնք ամբարած են գիտելիքներ եւ ունին հմտութիւնը` կացութիւններ կշռադատելու, իրենց առած ու առնելիք քայլերուն հետեւանքները նախատեսելու եւ համապատասխան միջամտութիւններով ազդելու պատահելիքներուն ընթացքին ու արդիւնքին վրայ:

Այս առումով, կասկած չունինք Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մտաւորական կարողութիւններուն եւ ղեկավարի յատկութեան վրայ: Ինչ կը վերաբերի անոր քաղաքական հմտութեան, անմիջապէս յայտնենք, որ քաղաքականութեան արուեստին տիրանալու լաւագոյն եւ ամէնէն արդիւնաւոր համալսարանը կը կազմէ պետական կեանքը:

Արդ, ղարաբաղեան ճակատի վրայ ազատագրական պատերազմի թոհուբոհին մէջ եւ հայաստանեան կեանքի շատ զգայուն մէկ հանգրուանին, պետական հին շէնքը պահելով հանդերձ զայն կամաց-կամաց քանդելու եւ նորը կառուցելու թէժ տարիներուն` այդ համալսարանին, այսինքն պետութեան ղեկը ստանձնած ըլլալով, անպայման որ ան տիրապետած է քաղաքական հմտութեան, կացութիւններ կշռադատելու եւ հետեւանքներ դիմագրաւելու ճկունութեան: Ահա նաեւ թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս ան կրցաւ տասը տարի լռութեան դատապարտել ինքզինք` սպասելով, որ իր ղեկավարման շրջանին կապուած բնակչութեան յիշողութիւնը աղօտի, միաժամանակ իր յաջորդին պատճառած ժողովրդային յուսախաբութիւնը խորանայ ու դժգոհութեան ալիքը սաստկանայ, որպէսզի քաղաքական հրապարակ վերադառնայ մեծ աղմուկով եւ այնպիսի վճռական կարգախօսներով, որոնք պիտի հմայէին մասնաւորաբար նոր սերունդը: Չափահասութեան տարիքին նոր թեւակոխած այն խաւը, որ անչափահաս էր իր նախագահութեան տարիներուն, որով եւ անգիտակ` այդ տարիներու անցուդարձերուն, չարաշահութեանց, ժողովուրդին ապրած նոյնքան խորունկ յուսախաբութեան…:

Վերադարձաւ եւ իրմով լեցուց քաղաքական հրապարակը:

Ընդունուած կանոն է, որ իշխանութիւնը դատուի-գնահատուի գործի արդիւնքէն, իսկ այլընտրանքային ընդդիմութիւնը` խօսքի արժանահաւատութենէն, համոզիչ ըլլալու կամ չըլլալու հանգամանքէն: Ընտրազանգուածը մէկուն գործը եւ միւսին խօսքը համեմատութեան կ՛ենթարկէ եւ իր նախընտրութիւնը ըստ այնմ կը կապէ մէկուն կամ միւսին:

Փաստօրէն, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վերադարձէն ետք, ահա երեք-չորս տարիներէ ի վեր հանրութիւնը անտարբեր է «գործ»ին նկատմամբ, բայց բացառապէս ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է ընդդիմադիր ղեկավարին «խօսք»ին վրայ, հակառակ այն իրողութեան որ ան իր ելոյթներուն ընթացքին քաղաքական, ընկերային թէ տնտեսական բնագաւառներու բարելաւման իմաստով, բացի անորոշ բաղձանքներէ, յստակ ու շօշափելի եւ համոզիչ ծրագիր չէ ներկայացուցած: Միակ յստակը անդառնալի վճռականութիւնն էր «աւազակապետութիւնը կազմաքանդելու» եւ երկիրը ազատագրելու «Սերժ Սարգսեան – Ռ. Քոչարեան զաւթիչ ու բռնակալ աւազակապետներէն»…:

Նախագահական ընտրութենէն առաջ յանկերգի նման կրկնուող բոցաշունչ այդ կարգախօսները ընտրութենէն ետք յանգեցուցին մարտ 1-ի ողբերգութեան եւ ընդդիմադիր թունդ գործիչներու բանտարկութեան: Միջանկեալ ըսենք, որ ո՛չ այդ կարգախօսները, ո՛չ վաճառատուներու կողոպուտը, եւ ոչ ալ նոյնիսկ գունաւոր յեղաշրջումի մը ենթադրութիւնը կ՛արդարացնեն այն սպանդը, որուն ենթարկուեցան ընդդիմադիր ցուցարարները, եւ որ իբրեւ ամօթալի խարան պատմութեան մէջ պիտի մնայ օրուան իշխանաւորներու ճակտին: Բայց ասիկա արդէն ուրիշ հարց է եւ կապ չունի ներկայ նիւթին հետ:

Աւելի քան երեք տարի անհաշտ պայքար մղելէ, տեղի-անտեղի սպառնալիքներով յոխորտալէ եւ իշխանութեանց վերջնագիրներ տալէ ետք, այսօր Լեւոն Տէր Պետրոսեան անելի մատնուած` այնպիսի ելք կը փնտռէ, որ թէ՛ կաղամբը փրկուի, եւ թէ այծը կշտանայ… Այսինքն, թէ՛ ինքը չվարկազրկուի, եւ թէ իշխանութիւնները գոհացնէ իր շրջադարձով: Ձեւական պայմաններ կը դնէ եւ «երկխօսութեան» հայցով ձեռք կ՛երկարէ, որո՞ւ «…զաւթիչ բռնակալ աւազակապետ…» իշխանաւորին:

Ի՞նչն է պատճառը, որ իրեն պէս փորձառու քաղաքական գործիչ մը հակառակորդին համար ուզէ թակարդ լարել, բայց ինք թակարդուի անոր մէջ: Չկարենայ ինքզինք հակակշռել, որպէսզի նաեւ արժանաւորապէս դիմագրաւէ իր արարքներուն, տեղացուցած սպառնալիքներուն, «աւազակապետութիւնը կազմաքանդելու» վճռական խոստումներուն հետեւանքները:

Կը կարծենք, որ Հայաստանի առաջին նախագահին աքիլլէսեան կրունկը, մեծագոյն տկարութիւնը իր անզուսպ կիրքն է, մոլուցքը, վրէժխնդիր խառնուածքը, ինչ որ լաւ խորհրդատու չէ ոեւէ անձի, յատկապէս քաղաքական գործիչի համար: Այդ կրքոտութիւնը դրսեւորած էր նախագահ եղած ժամանակէն, երբ առանց հիմնաւոր տուեալի Հայաստանէն արտաքսման հրամանագիր ստորագրած էր ՀՅԴ Բիւրոյի «օտարերկրացի» ներկայացուցչին դէմ: Ատենին, պատկերասփիւռի այդ հրամանագիրին իր կողմէ կարդացուիլը (չմոռնանք որ նախագահ էր) կը մատնէր արդէն պատճառը` մէկ ու միակ ախոյեանը մնալու վրէժխնդիր հոգեբանութեան մը բարդոյթը: Անկէ առաջ` «ախոյեանական» միեւնոյն անհաշտութիւնը` նոյնիսկ պայքարի ընկերներուն դէմ, օրինակ Լեւոն Տէր Պետրոսեան -Վազգէն Մանուկեան հակադրութիւնը, երբ ինք Ազգային ժողովի նախագահն էր, իսկ միւսը` վարչապետ…: Այդ հակադրութենէն յաղթական ախոյեանը հանդիսացաւ եւ գրեթէ չէզոքացուց հակառակորդը` ստանձնելով երկրին ղեկը: Ապա, նոյն «ախոյենական» հովերով, հակառակ իր գործակիցներու տեսակէտին, հրապարակ եկաւ «պատերազմ թէ խաղաղութիւն» տխրահռչակ յօդուածով, որ ըստ էութեան տապալելու որոշում էր հերոսական մարտնչումներով ձեռք բերուած Ղարաբաղի անկախութիւնը, բայց… ինք տապալեցաւ: Ընդդիմադիր ղեկավարի դերին մէջ, միեւնոյն յաւակնոտութիւնը, միակ ընդդիմադիր ախոյեանը, իսկ միւսնե՞րը` ծախուած, իշխանաւորին գրպանը: Այդքան:

Յայտնօրէն, լռութեան տասը տարիներուն իր պատեանին մէջ քաշուած, փոխանակ հանդարտելու եւ աքիլլէսեան իր կրունկը դարմանելու, հակառակը ըրած կը թուի. աւելիով ուռճացուցած էր ատելութիւնը իր հին ու հաւատարիմ գործակիցներուն դէմ, որոնք զինք «ապերախտաբար» մեկուսացման դատապարտած էին եւ զրկած` իշխանութեան կերակրատաշտէն:

Հիմա իր վիճակը կը նմանի այն խաղացողին, որ առաջին երկու խաղաքարտէն շլացած` իր «սոլտը» կը դնէ սեղանին վրայ եւ կորսնցնելէ ետք` պարտքի գումար կը խնդրէ շահողէն` խաղը շարունակելու համար: Չէ պատահած, որ շահողը փոխ չտայ պարտուողին, որ շարունակէ պարտուիլ:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր գրաւը դրաւ բնակչութեան դժգոհ ու ընդվզած զանգուածին վրայ, յուսաց եւ յոյս տուաւ անոնց, որ ի վերջոյ պիտի զգետնէ հակառակորդը եւ քաղաքական պահեստի իր դրամագլուխը վատնելէ ետք, հիմա ձեռնթափ ու տապալած` ձեռքը կ՛երկարէ երկխօսութեան համար:

Ըսինք արդէն, չկայ խելամիտ շահող, որ երկարած ձեռքը օդին մէջ ձգէ, քանի որ այս պարագային`

ա.- Իբրեւ սկզբունքային տուեալ, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մարզերու հիմնական ուղեգծերու մէջ տարբերութիւն չունին իշխանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը: Արդէն յաջորդողները չշեղեցան առաջին նախագահին` Լեւոն Տէր Պետրոսեանին գլխաւոր ուղիէն: Որոշ պարագաներու միայն կարգ մը զիկզակներ կատարեցին:

բ.- Իշխանութիւնը թէ՛ ներքին, եւ թէ արտաքին ճակատի վրայ իր դիրքը աւելի պիտի ամրացնէ: Ներքին ճակատի վրայ` զինաթափ ընելով ընդդիմութեան ղեկավարը, իսկ արտաքին ճակատի վրայ` ցոյց տալով, որ ինք «լայնախոհ ու վեհանձն» է ընդդիմութեան նկատմամբ:

գ.- Ընդդիմութեան միացած հասարակութեան ծայրայեղ թեւը եւ անոնց աչքին «հերոսացած» բանտարկեալները յուսախաբութեան պիտի մատնուին, որով եւ որոշ չափով անոնք պիտի կորսնցնեն իրենց խանդավառութիւնն ու ընտրողներու վրայ ազդելու հմայքը, եթէ նոյնիսկ չփոխեն իրենց դիրքերը :

դ.- Միանգամընդմիշտ վերջ պիտի տրուի Ռ. Քոչարեանի վերադարձի հաւանական ախորժակին, մանաւանդ այն բանէն ետք, որ մէկուն պահանջով եւ միւսին ընդառաջումով մարտ 1-ի թղթածրարը վերաբանալու խնդիր մը դրուած է մէջտեղ, աւելի իբրեւ ազդարարութիւն երկրորդ նախագահին ու անոր մօտիկ շրջանակներուն, քան թէ իբրեւ անկեղծ հետազօտութիւն:

ե.- Ընտրազանգուածը առնուած պիտի ըլլայ իշխանութիւն-«ընդդիմութիւն» օղակին մէջ` գրեթէ անկարելի դարձնելով երրորդ նոր քաղաքական ուժի մը գոյացման հաւանականութիւնը: Ուժ մը, որ կարենայ այլընտրանքային ըլլալու սպառնալիք դառնալ:

Ներկայ ու յառաջանալիք պայմաններու տակ, մեր կարծիքով, ընտրապայքարի դասական եղանակի մը որդեգրումը պտուղ պիտի չտայ: Կառավարական թխածոյ կամ նորարար փլաթֆորմի հրապարակում, շռայլ խոստումներ կամ հանրութիւն դաստիարակելու այլապէս շատ օգտակար արշաւ` արձագանգ պիտի չգտնեն քանիցս խաբուած ընտրողներուն ականջներուն մէջ:

Պահին հրամայականը եւ հաւանական յուսատու ձեւը կրնայ ըլլալ թերեւս` բանիւ, այլ մանաւանդ գործով ու կեցուածքով վճռական ու անզիջող պայքարը, որ պիտի նպատակադրէ համոզել բնակչութիւնը, որ օղակէն դուրս գալու ելքը երկիրը լքելու ճանապարհը չէ, այլ ձերբազատուելու անհրաժեշտութիւնն է օղակը կազմող ու սեղմող ճարտարապետներէն: Երկարժամկէտ պայքար, այժմ եւ այսուհետ:

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES