«ՖՈՔՍ» ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿՈՒ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀԵՌԱՐՁԱԿԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

Լոս Անճելըսի «Ֆոքս» պատկերասփիւռի ընկերութիւնը երկու օր անընդմէջ ուղիղ եթերով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հարցազրոյցի մը հրաւիրած էր տողերուս հեղինակը: Առաջինը տեղի ունեցաւ 24 ապրիլին, կայանի երեկոյեան լուրերու ծրագիրին ընթացքին, եւ տեւեց հինգ վայրկեան, իսկ երկրորդը` աւելի քան վեց վայրկեան տեւողութեամբ, տեղի ունեցաւ յաջորդ օրը` 24 ապրիլին, «Կուտ Տէյ Էլ. Էյ.» «շօ»ի ընթացքին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուածներ այդ երկու հարցազրոյցներէն.

24 ապրիլ, 2011

«ՖՈՔՍ».- Այժմ մեզ միացաւ Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեան: Ան նաեւ հրատարակիչն է «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին, որ կը հրապարակուի այստեղ` հարաւային Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Այսօր Հայոց ցեղասպանութեան 96-րդ տարելիցն է: Անիկա շատերուս համար նաեւ տեսակ մը շփոթ յառաջացնող հարց է, քանի որ ամերիկահայերը կը փափաքին, որ նախագահը ըսէ, յայտարարէ, թէ ատիկա «ցեղասպանութիւն էր»: Սակայն, քիչ առաջ, նախքան լուրերու թողարկման մասնակցիլը, դուք ըսիք, որ իսկապէս կարեւոր չէ` նախագահը ըսէ այդ մէկը, թէ ոչ: Ինչո՞ւ:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Որովհետեւ մենք արդէն մէկ այլ նախագահ ունեցած ենք` Ռոնալտ Ռեկընը, որ 30 տարի առաջ` 1981-ին, իր նախագահական հռչակագիրին մէջ նշած է Հայոց ցեղասպանութիւն բառերը: Բացի ատկէ, ունինք Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակող երկու բանաձեւ, որոնք Քոնկրեսին կողմէ ընդունուած են 1975 եւ 1984 թուականներուն:

«ՖՈՔՍ».- Պարոն Սասունեան, մարդիկ, որոնք ծանօթ չեն 1915-ի Ցեղասպանութեան, կրնան հարցնել` ուրեմն ինչո՞ւ կը բողոքէք թրքական հիւպատոսութեան առջեւ:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Մենք պարզապէս կը ցանկանք, որ նախագահը եւ քաղաքական ոեւէ այլ գործիչ իմանայ, որ եթէ ան մեր մօտ գայ իբրեւ թեկնածու, (դատարկ) խոստումներ տայ եւ հետագային մեր ձայներով ու գումարներով ընտրուի, ապա մենք մտադիր չենք լուռ մնալ. մենք կը պատրաստուինք մեր անհամաձայնութիւնը արտայայտելու եւ ամէն ինչ ընելու, որ ան չվերընտրուի:

«ՖՈՔՍ».- Ուրեմն, այնքան ալ բաւարար չէ ունենալ միայն նախագահ Ռեկընին հռչակագիրը, ունենալ Արդարադատութեան նախարարութեան 1951 թուականի փաստաթուղթը, ուր գրուած է, որ այդ մէկը «Ցեղասպանութիւն» էր: Դուք կը փափաքի՞ք, որ անիկա հաստատուի ներկայի վարչակազմին կողմէ:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Լաւ կ՛ըլլայ, որ անոնք հաստատեն, սակայն մենք կը փորձենք ուղերձ յղել նախագահին եւ բոլոր քաղաքական գործիչներուն, որ եթէ անոնք խոստում տան մարդոց, ապա պարտաւոր են կատարել իրենց խոստումը: Չես կրնար կեղծ խոստում տալ, վերցնել անոնց գումարները, անոնց քուէները, իսկ յետոյ այնպէս վարուիլ, որ կարծես ոչինչ պատահած է: Անոնք սուղ կը վճարեն ատոր համար: Մենք պէտք է ամբողջովին փոխենք քաղաքական խեղկատակութիւնը այս երկրին մէջ, ուր հանգիստ կերպով կը ստեն հասարակութեան:

«ՖՈՔՍ».- Իմանալով, որ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական դաշնակիցն է, արդեօք դուք կ՛ակնկալէ՞ք, որ ոեւէ նախագահ ներկայիս կամ հետագային դուրս գայ եւ ըսէ, որ «Օսմանեան կայսրութիւնը հայերուն դէմ Ցեղասպանութիւն իրագործած է»:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Մեծ տարբերութիւն կայ քաղաքականութեան եւ պատմական փաստերուն միջեւ: Պատմական փաստերը չեն փոխուիր ժամանակի ընթացքին: Եթէ իրադարձութիւնը տեղի ունեցած է, ուրեմն` իսկապէս տեղի ունեցած է… Այսպիսով, մեր դաշինքները կամ յարաբերութիւնները, լաւ կամ վատ, պէտք չէ ազդեն պատմական իրողութիւններուն վրայ:

«ՖՈՔՍ».- Երէկ հայ բռնցքամարտիկ Վիք Դարչինեան, հարթակի վրայ յայտնուած էր` գօտիին վրայ մեծ թուանշաններով գրուած` «1915», իսկ մարզական «պլոկ»ի մէջ գրած էր. «Եթէ դուք չէք լսած Հայոց ցեղասպանութեան մասին…» եւ այնուհետեւ սկսած էր բացատրելու այդ մասին: Արդեօք ձեզ չի՞ նեղացներ այն, որ ամերիկահայերէն բացի, այդքան շատ մարդ իրականութեան մէջ անտեղեակ է այդ մասին:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Ատիկա զիս այնքան ալ չի նեղացներ, որովհետեւ մարդոց մեծ մասը աշխարհի մասին շատ բան չի գիտեր: Անոնք այնքան ալ մօտիկէն չեն հետեւիր լուրերուն, ինչպէս մեզմէ ոմանք: Զիս աւելի շատ մտահոգեց այն, որ լրատուական թողարկումին սկիզբը դուք ըսիք. «Հայերը կը պնդեն, որ ատիկա Ցեղասպանութիւն էր»: Հայերը չեն պնդեր Ցեղասպանութիւնը: Ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ Ցեղասպանութիւնը եղած է. հարիւրաւոր պատմաբաններ, Միացեալ Նահանգներու 43 նահանգները, քոնկրեսը` երկու անգամ, նախագահ Ռեկընը, 25 տարբեր պետութիւններ խորհրդարանական որոշումներ ընդունած են: Միայն այն պատճառով, որ Թուրքիան` ոճրագործ վարչակարգի իրաւայաջորդը, այդ մէկը կը ժխտէ, ատիկա չի դառնար մերկապարանոց յայտարարութիւն կամ պնդում: Ատիկա պատմական փաստ է: Թուրքիան քաղաքական պատճառներով չի ցանկար առերեսուիլ իր սեփական պատմութեան հետ:

«ՖՈՔՍ».- Ես կը կարծեմ, որ այդպէս գրուած էր, եւ այդպէս հաղորդելով` մենք նպատակ ունէինք ցոյց տալ հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ առկայ հակադրութիւնը, ընդ որում` Ձեր դիտողութիւնը ընդունուած է:

Շնորհակալութիւն ուղղման համար:

 

25 ապրիլ, 2011

«ՖՈՔՍ».- Երէկ ամբողջ աշխարհին մէջ` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման արարողութիւններ (կայացան). շատ վիճայարոյց պատմական իրադարձութիւն մը. գուցէ 1.5 միլիոն մարդ մահացած կամ սպաննուած է ատոր պատճառով: Մեզ միացած է Յարութ Սասունեան: Ան Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահն է եւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» հայկական թերթին խմբագիրը: Մենք ամէն տարի կը նշենք այդ մէկը: Հարցին էութիւնը հետեւեալն է. Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, ներկայիս նախագահը, նախորդ նախագահը, անոր նախորդը, բոլորը իրենց նախընտրական շրջանին մեծ-մեծ յայտարարութիւններ կ՛ընեն` ըսելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչցուի իբրեւ ցեղասպանութիւն, ինչպէս Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակուան Ողջակիզումը: Երեք նախագահներն ալ նախընտրական խոստում տուած են, երեքն ալ պաշտօնը ստանձնելէ ետք Թուրքիան դիտած են իբրեւ խիստ անհրաժեշտ դաշնակից` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ու չեն կատարած իրենց խոստումը:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Ընդհանուր առմամբ, բոլոր քաղաքական գործիչները տարբեր նիւթերու վերաբերեալ տուած իրենց խոստումները կատարելու առումով շատ վատ են: Սակայն, երբ խօսքը կը վերաբերի այս նիւթին, ապա այստեղ առկայ է տհաճ իրավիճակ մը, ուր մարդիկ քաղաքականութիւնը կը շփոթեն պատմութեան հետ: Կրնաք Թուրքիոյ հետ մնալ իբրեւ լաւ բարեկամներ, լաւ դաշնակիցներ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ չխեղաթիւրել պատմական փաստերը… Այսպիսով, մենք պէտք չէ քաղաքականութիւնն ու պատմութիւնը խառնենք: Պէտք է արդարացի ըլլալ փաստերուն նկատմամբ, բայց կարելի է նաեւ շարունակել բարեկամներ մնալ, առեւտուր ընել եւ պահպանել ռազմական յարաբերութիւնները:

«ՖՈՔՍ».- Թոյլ տուէ՛ք պարզապէս «սատանայի փաստաբան»ի դեր խաղալ, իբրեւ թէ հիմա ես կը ներկայացնեմ նախագահը: Այո՛, ճիշդ է, բայց այս պահուն, իմ տեսանկիւնէն` այնպիսի վիճակի մէջ ենք, որ չենք ուզեր վիրաւորել Թուրքիան, եւ անոնք յստակօրէն հասկցուցած են մեզի, թէ խիստ կը վիրաւորուին այդ հարցէն:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Նախ եւ առաջ, ատիկա կատարուած է Օսմանեան կայսրութեան եւ ոչ թէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ, որ այն ժամանակ գոյութիւն չունէր: Երկրորդ, Գերմանիան ոչ մէկ խնդիր ունեցաւ` ճանչնալով նացիական վարչակարգին կատարածը: Չկայ որեւէ պատճառ, որ կը խանգարէ ժամանակակից Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումը այն իրողութեան, որ կատարուած է իր նախորդին կողմէ…

«ՖՈՔՍ».- Տարիներու ընթացքին Թուրքիան մեզի համար աւելի ու աւելի կարեւոր կը դառնայ:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Ան աւելի կարեւոր կը դառնայ, սակայն վերջերս մեզի համար նաեւ մեծ փորձանք կը դառնայ, քանի որ անոնք կը վերածուին աւելի արմատական իսլամական վարչակարգի եւ կ՛ուժեղացնեն իրենց կապերը Իրանի, Սուրիոյ եւ այլ արմատական վարչակարգերու հետ:

«ՖՈՔՍ».- Ես կը կարծեմ, որ վարչակարգը կը վախնայ առաւել մղուելէ դէպի այդ ճամբարը, եթէ ճանաչման քայլ կատարէ այդ գծով:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Խնդիրը այն է, որ աշխարհաքաղաքական նկատառումներով, մենք կը զիջինք մեր սկզբունքներն ու արժէքները: Մենք պէտք է զանոնք տարանջատենք: Պէտք է ըսել` ահա՛, այստեղ են փաստերը, այստեղ` պատմութիւնը, այստեղ` մեր արժէքները, եւ դուք պէտք է զանոնք ընդունիք: Որքան շատ կը գոհացնենք բռնակալները, մարդիկը, որոնք կը ժխտեն պատմութեան փաստերը, անոնք աւելի պահանջկոտ կը դառնան:

«ՖՈՔՍ».- Գիտէք, անկէ (Ցեղասպանութնէն) ետք անմիջապէս կործանուած Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան ընթացքին թուրքերը ըսած են. «Ցեղասպանութիւն չէր, ատիկա պատերազմի մշուշն էր, մարդիկ կը մեռնէին պատերազմէն, մարդիկ կը մեռնէին հիւանդութենէ. անիկա ծրագրուած չէր, ուստի անիկա Ցեղասպանութիւն չէր», իսկ դուք կ՛ըսէք…

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Հարիւրաւոր պատմաբաններ, Ողջակիզման եւ Ցեղասպանութեան փորձագէտներ, միացեալ նամակ ստորագրած են` ըսելով, որ անիկա Ցեղասպանութիւն էր: Մենք ունինք դատական գործեր` Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն, Եւրոպական խորհրդարան, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, նաեւ բազմաթիւ երկիրներ, Միացեալ Նահանգներու նահանգներ եւ նախագահ Ռեկընը ըսած են, որ ատիկա Ցեղասպանութիւն էր:

«ՖՈՔՍ».- Գիտեմ, որ ճանաչում կ՛ուզէք. եղած է որոշակի ճանաչում, բայց` թերեւս ոչ բաւարար: Ուրիշ ի՞նչ կ՛ուզէք:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Իրօք, այն, ինչ մենք կ՛ուզենք ճանաչումը չէ, որովհետեւ իմ տեսանկիւնէն` աշխարհը գիտէ, որ ատիկա Ցեղասպանութիւն էր: Որոշ մարդիկ չեն ուզեր այդ մէկը հրապարակաւ ըսել: Սակայն, այն, ինչ մենք իրօք կ՛ուզենք` հետեւեալն է. մենք շատ կորսնցուցած ենք. բազմաթիւ սպաննուածներէն բացի, մենք կորսնցուցած ենք նաեւ մեր մշակոյթը, մեր եկեղեցիները, մեր հողերը եւ մեր անձնական ունեցուածքը: Բոլոր հայերը ունեցած են տուներ, կալուածներ, սեփականութիւն եւ դրամատնային հաշիւներ: Մենք այդ բոլորը կորսնցուցած ենք: Այնպէս որ, իմ նպատակս է դիմել դատարան` Համաշխարհային դատարան, Եւրոպական դատարան եւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարաններ: Մենք կը ցանկանք, որ թուրքերը հատուցում վճարեն եւ կը փափաքինք վերականգնել արդարութիւնը` անոնց գործած այդ ահռելի ոճրագործութեան համար: Ատիկա մեզի համար շատ աւելի կարեւոր է, քան ոեւէ քաղաքական գործիչի շուրթերէն հնչած խօսքը:

«ՖՈՔՍ».- Իրողութիւնը այն է, որ պաշտօնական ճանաչման մէկ մակարդակի բացակայութիւնը, նիւթը շատ վառ կը պահէ, եւ որոշ առումով` անիկա առաւելութիւն ալ ունի, որովհետեւ միշտ, ամէն ատեն կը խօսինք ատոր մասին:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Դուք ամբողջութեամբ ճիշդ էք… եկէք պահ մը մոռնանք նախագահ Օպամայի մասին: Եթէ նոյնիսկ Թուրքիոյ նախագահը վաղը առաւօտ յայտարարէ, որ ատիկա «Ցեղասպանութիւն» էր, ապա շատ մարդիկ ամբողջ աշխարհին մէջ, եւ գուցէ նոյնիսկ որոշ հայեր ըսեն, թէ` մենք վերջապէս հասած ենք մեր նպատակին, ուստի եկէք առաջ շարժինք: Ուրեմն, կրնայ ըլլալ մեր օգտին է այն, որ թուրքերը կը շարունակեն ժխտել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց` Ռ. ԱՒԱԳԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES