«ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ»Ը ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ. ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍԻ ՋԵՐՄ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻՆ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` երեքշաբթի, 10 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երգ երգոց»ի առաջին համերգը` ներկայութեամբ մեծաթիւ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:

Ելոյթ ունեցան հայրենի երգիչներ Վարդան Պատալեան, Աննա Խաչատրեան, Արմէն Դարբինեան եւ Ռուզան Անդրէասեան: Երգիչներուն կը նուագակցէր «Երգ երգոց»ի նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Արթուր Յակոբեանի:

Համերգին հիւրաբար նաեւ մասնակցեցան Լիբանանի «Երկու աստղ» երգի մրցումին մասնակիցները` Կարօ Կապուտակեան, Հրաչ Կայծակեան, Գարմէն Աճեմեան, Կարօ Ակոբեան, Իվոն Այվազեան եւ Լուսին Տեմիրճեան:

Աւելցնենք, որ վաղը տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ «Երգ երգոց»ի երկրորդ եւ վերջին համերգը, ուր հայրենի ու լիբանանահայ երգիչները հանրութեան պիտի ներկայանան տարբեր յայտագիրով:

Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Խորէն Լեւոնեան, որ նաեւ երգերով բերաւ իր մասնակցութիւնը: Լեւոնեան նշեց, որ հայութեան ուժը իր միասնականութեան մէջն է եւ այս համերգը այդ հաւաքական կամքին արտայայտութիւնն է:

Հայրենի եւ լիբանանահայ երգիչները մեներգներով, զուգերգներով եւ թրիոյով շուրջ երկու ժամուան ընթացքին երգեցին աշուղական, ժողովրդային եւ ազգային երգեր` ներկաներուն մօտ ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն եւ արժանանալով անոնց ծափահարութիւններուն:

Յայտագիրի աւարտին բեմ բարձրացաւ ծրագիրը իրագործող հայրենի արուեստագէտ եւ բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեան, որ յայտնեց, թէ հայրենիք-սփիւռք կապը չի հաստատուիր խօսքով, այլ գործով: Ան աւելցուց, որ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը խօսքը գործի վերածելով Լիբանան հրաւիրեց «Երգ երգոց»ը` ծառայելով վերոնշեալ նպատակին:

Ստեփանեան հաստատեց, որ Համազգայինը հանդիսացաւ կամուրջ հայրենի եւ լիբանանահայ արուեստագէտներուն միջեւ, եւ այդ կամուրջին հիմքը կայուն է եւ հեռանկարները` մեծ: Վիգէն Ստեփանեան գործակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանին:

«Երգ երգոց»ի Լիբանանի առաջին համերգը փակուեցաւ բոլոր երգիչներուն մասնակցութեամբ Պարոյր Սեւակի «Էրեբունի» երգի երգեցողութեամբ: Յայտնենք, որ երկրորդ համերգը տեղի պիտի ունենայ այսօր` միեւնոյն սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, տարբեր համերգաշարով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES