Նախագահ Սլէյման Միքաթիի Հետ Քննարկեց Արսալի Իրադարձութիւնները

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Արսալի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այսօր վարչապետարանին մէջ գումարուելիք կառավարութեան նիստին յատուկ օրակարգը:

Ապա նախագահ Սլէյման` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, նախագահեց Սուրիայէն Լիբանան հասած գաղթականներուն յատուկ նախարարական նիստին, որուն ընթացքին ներկայացուեցան կառավարութեան կողմէ մշակուած ծրագիրին գործադրութեան քայլերը` Քուէյթի մէջ տեղի ունեցած օժանդակութեան համաշխարհային խորհրդաժողովէն ետք:

Աւելի ուշ, նախագահ Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Պրիկիթա Իպիզին, որ շեշտեց, թէ Պերլին պիտի զօրակցի լիբանանեան կառավարութեան, որպէսզի ան կարենայ շարունակել Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն իր կատարած օժանդակութիւնները: Ան բարձր գնահատեց լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւնը քաջալերելու նախագահ Սլէյմանի ջանքերը:

Իր կարգին, նախագահ Սլէյման շեշտեց ժողովրդավարութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներն ու ազատութիւնները երաշխաւորող քայլերը որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի:

 

Share this Article
CATEGORIES