Պուլկարիոյ Պայթումին Հարցով Ամբաստանութիւն Կ՛ուղղուի Հըզպալլայի Զինուորական Թեւին
Պուլկարիոյ ներքին գործոց նախարարը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Հըզպալլայի երկու անդամներ ուղղակիօրէն մեղսակցած են Պուլկարիոյ «Պորկաս» զբօսաշրջական համալիրին մէջ գործուած պայթումին, որուն պատճառով սպաննուած էին հինգ իսրայէլացի զբօսաշրջիկներ:
Ըստ Պուլկարիոյ ներքին գործոց նախարարութեան տեղեկութիւններուն, Հըզպալլա ֆինանսաւորած է այդ գործողութիւնը, ինչպէս նաեւ այն քամիքազը, որ ինքզինք պայթեցուցած է իսրայէլացիներ փոխադրող պասին մէջ:
Պուլկարիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ Հըզպալլայի երկու անդամները ունէին քանատական անցագիրեր եւ 2006-2010 երկարող ժամանակաշրջանին ապրած էին Լիբանանի մէջ:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ողջունեց Պուլկարիոյ կողմէ կատարուած այս ամբաստանութիւնը, որ հիմնուած էր երկրին կատարած հետաքննութեան արդիւնքներուն հիման վրայ:
Նեթանիահու շեշտեց, որ Իրան եւ Հըզպալլա ահաբեկչութեան համաշխարհային արշաւ յայտարարած են:
Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը Եւրոպական Միութենէն պահանջեց Հըզպալլայի դէմ անհրաժեշտ քայլերը որդեգրելու:
Իր կարգին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր է Պուլկարիոյ ապահովական կայունութեան` աւելցնելով, որ որեւէ գործողութիւն, որ թիրախ կը դարձնէ եւրոպական կամ օտար պետութիւն, դատապարտելի է:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան Պուլկարիոյ հետ պիտի գործակցի` բացայայտելու համար իրականութիւնն ու բանեցնելու համար արդարութիւնը:


