Բանակը Իր Դիրքերը Կը Պահէ Արսալի Մուտքին Եւ Վճռականութեամբ Կը Վերահաստատէ Յանցագործները Ձերբակալելու Կարեւորութիւնը

Բանակը կը խուզարկէ Արսալ մուտք գործող ինքնաշարժները եւ փոխադրակառքերը

Արսալի մուտքին լիբանանեան բանակը շարունակեց պահել իր դիրքերը եւ իր զետեղած անցարգելներուն ընդմէջէն շարունակեց ստուգել Արսալ մուտք գործող եւ անկէ դուրս եկող քաղաքացիներուն ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ վերջնականացուց հետաքննութեան կանչուող քաղաքացիներուն վերաբերող իր պատրաստած անուանացանկը, որուն մէջ նշուած է 130 անուն, որոնցմէ 70-ը` Հուժէյրի ընտանիքի անդամներ:

Կը նախատեսուի, որ ձերբակալումի ենթարկուին նաեւ Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի եւ անոր զաւակը, ինչպէս նաեւ շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի` սպանութեան գրգռութիւններ կատարելու յանցանքով:

Բանակը պիտի շարունակէ Արսալի մէջ իր ներխուժումները` ձերբակալել կարենալու համար յաւելեալ յանցագործներ, որոնք մեղսակցած են Արսալի մէջ լիբանանեան բանակի ջոկատին դէմ գործուած յարձակումին:

Բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը ընդգծեց, որ կարգ մը յանցագործներ արդէն իսկ ձերբակալուած են, եւ յառաջիկայ ժամերուն կը նախատեսուի, որ բանակը ներխուժումներ կատարէ Արսալի մէջ գտնուող զէնքի ու զինամթերքի պահեստանոցներուն դէմ:

Բանակը Արսալի բնակիչներէն պահանջեց չպահել յանցագործները եւ անոնց ապաստան չտալ, որպէսզի բանակը կատարէ իր պարտականութիւնը եւ ձերբակալէ ոճրագործները:

Նշենք, որ երէկ Արսալի մէջ աշակերտներ եւ գիւղաքաղաքի բնակիչներ ուղղուեցան դէպի Արսալի մուտքը եւ սպիտակ վարդեր նուիրեցին բանակին:

Լիբանանեան բանակի անկարգելաւորներու պետ գնդապետ-զօրավար Ժորժ Նատեր ընդունեց բնակիչները եւ հաստատեց, որ բանակը Արսալը չէ շրջափակած եւ չի փափաքիր զայն թիրախ դարձնել:

Արսալի նախկին քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի յայտնեց, որ բանակը Արսալի մէջ միշտ ալ լաւ կերպով հիւրընկալուած է` աւելցնելով, որ Արսալի բնակիչները կը զօրակցին բանակին եւ իրենք զիրենք մէկ ընտանիք կը զգան բանակին հետ:

Սահիլի Կը Հերքէ Հըզպալլայի
Մասնակցութիւնը
Արսալի Դէպքին

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Նաուար Սահիլի շեշտեց, որ եթէ Հըզպալլա Արսալի մէջ բանակին գործողութեան մասնակցած ըլլար, ապա ան պատճառ չէր ունենար իր մասնակցութիւնը գաղտնի պահելու:

Սահիլի հաստատեց, որ աջ ու ձախ ամբաստանող կողմեր, ինչպէս` երեսփոխաններ Խալետ Տահեր, Պահիժ Թապպարա եւ Մույին Մերեհպի, որոնք անհիմն ամբաստանութիւններ կը կատարեն, հաստատած էին, որ Հըզպալլայի անդամներ սովորական ինքնաշարժներով Արսալի մէջ կը գտնուէին եւ մասնակցած էին Խալետ Հմայէտի սպանութեան: Սահիլի շեշտեց, որ նման ամբաստանութիւններ կը միտին համայնքային ու յարանուանական գրգռութիւններ հրահրել` աւելցնելով, որ արդէն իսկ բոլորին համար յստակ է, թէ Արսալի մէջ ինչ պատահած է:

Սահիլի ըսաւ, որ Հըզպալլայի դէմ այդ ամբաստանութիւնները անհիմն են եւ անիրաւող:

«Արսալի մէջ բանակին դէմ գործուած յարձակումը կը միտի Լիբանանի մէջ քաոս ստեղծել», եզրափակեց Սահիլի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )