Հայաստան Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ Հաստատեց Միանմարի Հետ
31 յունուարին ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի եւ Միանմարի մնայուն ներկայացուցիչներ Կարէն Նազարեան եւ Չաօ Թին ստորագրեցին երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին միացեալ յայտարարութիւն մը:
Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ միացեալ յայտարարութեան ստորագրման արարողութեան յաջորդեց երկու երկիրներու դեսպաններու զրոյցը, որուն ժամանակ կարեւոր նկատուեցաւ երկկողմանի համագործակցութեան խթանումը եւ երկու կողմերը նշեցին ՄԱԿ-ի ու միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ յարաբերութիւններու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը: Կողմերը ընդգծեցին նաեւ կրթութեան, մշակոյթի, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան հեռանկարները: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Միանմարի մէջ դարերէ ի վեր հաստատուած հայ համայնքի գործունէութեան:


