«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ոստիկանութիւնը Դրական Տեղաշարժեր Արձանագրած Է» Կ՛ըսէ Բակօ Սահակեան
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 4 փետրուարին մասնակցեցաւ ոստիկանութեան մարմիններու եւ ստորաբաժանումներու 2012 թուականի ներգործող ծառայողական գործունէութեան արդիւնքներու ամփոփման նիստին:
Զեկուցումներով հանդէս եկան ոստիկանապետ Ռոպերթ Շաֆերեան եւ համակարգի պատասխանատու աշխատողներ:
Արցախի նախագահը յայտնեց, որ հաշուետու ժամանակաշրջանին հանրապետութեան ոստիկանութիւնը ընդհանուր առմամբ բաւական արդիւնաւէտ կերպով իրականացուց իր գործառոյթները` արձանագրելով դրական տեղաշարժեր:
Միեւնոյն ժամանակ, ըստ հանրապետութեան նախագահին, ոստիկանութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութեան շարունակական բարձրացման համար տակաւին կան շատ ընելիքներ:
Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ համակարգին մէջ առկայ ներուժը եւ արձանագրուած դրական արդիւնքները հիմք կու տան ակնկալելու, որ ոստիկանութիւնը կրնայ յաջողութեամբ իրականացնել իր գործառոյթները` աւելցնելով, որ հանրապետութեան իշխանութիւնները անհրաժեշտ միջոցներու պիտի ձեռնարկեն համակարգի աշխատողներու ընկերային եւ աշխատանքային պայմաններու բարելաւման ուղղութեամբ:

