Պաքուի Մէջ Խումբ Մը Ազրպէյճանցիներ Պահանջած Են Հայերու Մասին Վէպի Հեղինակին «Հանգիստ Ձգել»
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ ազրպէյճանցի գրող Աքրամ Այլիսլիի իբրեւ աջակցութիւն տեղի ունեցած է ցոյց մը, որուն մասնակցած են երիտասարդ գործիչներ, մշակոյթի գործիչներ, զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Անոնք կոչ ուղղած են դադրեցնելու գրողին դէմ սկսած քարոզարշաւին:
«Ստեղծագործութիւնը կարելի է հաւնիլ, կարելի է ոչ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ անոր տան շրջակայքը պէտք է զայրոյթի արտայայտման վայր դարձնել», նշած են մասնակիցները:
Յիշեցնենք, որ Աքրամ Այլիսլիի «Քարէ երազներ» վէպը բուռն քննարկումներու առիթ դարձաւ թէ՛ Ազրպէյճանի հասարակութեան մէջ, թէ՛ անկէ դուրս:
Գրողի տան մօտ, ի նշան վէպի դէմ բողոքի, բազմաթիւ ցոյցեր տեղի ունեցան, այրուեցան գրողին լուսանկարները: Ազրպէյճանցի երեսփոխանները մինչեւ իսկ առաջարկեցին զինք Ազրպէյճանի քաղաքացիութենէն զրկել եւ «Հայաստան ուղարկել»:
«Քարէ երազներ»-ը, որ լոյս տեսած է դեկտեմբերին, նուիրուած է Խորհրդային Ազրպէյճանի մէջ ապրած հայերուն: Այլիսլի գիրքին նախաբանին մէջ գրած է. «Կը նուիրեմ հայրենակիցներու յիշատակին, որոնք իրենց ետեւ մեծ ցաւ ձգեցին»:


