50 Տարի Առաջ (7 Փետրուար 1963)

Միւնիխի Ռատիոկայանը
«Բագին»-ի Մասին

Միւնիխի Ազատութեան ռատիոկայանը յունուար 13-ի իր հաղորդագրութեան մէջ հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ «Բագին» ամսագրի մասին.-

Գրականութեան եւ արուեստի ամսագիր «Բագին»-ը բոլորեց իր հրատարակութեան առաջին տարին: Իր առաջին իսկ համարները մեծ յաջողութիւն գտան ընթերցողներու մօտ:

Արդէն լոյս տեսաւ «Բագինի»-ի երկրորդ տարուան առաջին համարը: Խմբագրական յօդուածին մէջ կը շօշափուին զանազան հարցեր` կապուած գրականութեան, արուեստին եւ գրական նոր սերունդին:

Խմբագրականին մէջ մենք, ի միջի այլոց, կը կարդանք.

«Բագին»-ի հրատարակութիւնը անհրաժեշտ պահանջի մը արդիւնքն էր: Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ համախմբուած հայ զանգուածները կէս միլիոնէն աւելի թիւ մը կը հաշուեն, հայեցի կրթութեամբ զանգուած մը, որ իր մտաւորական եւ գրական ապրումներուն արտայայտիչը պիտի ունենար:

«Բագին» հայ հոգեկան արտայայտութիւններու մեհեանն է, ուր միտքը կրնայ բողբոջիլ եւ ուղիղ ճանապարհով հասնիլ հայ մարդու սրտին եւ մտքին: «Մենք կը հաւատանք հայ հանճարին եւ տաղանդին: Կը հաւատանք լոյսի պաշտամունքին, որ մեր ցեղին գլխաւոր յատկանիշը եղաւ: Դարերու ընթացքին,  բազմապիսի միջավայրերու մէջ, աննպաստ պայմաններու տակ հայ միտքը խաւարէն դարձաւ դէպի լոյսը, գռեհկութենէն դէպի արուեստը ու արուեստին զանազան արտայայտութիւնները:

«Մեր ազգային գերագոյն յատկանիշը ստեղծագործութիւնն է` արուեստ, գրականութիւն, ճարտարապետութիւն: Մէկ խօսքով` ՄՏՔԻ ԼՈՅՍ: Հայուն հոգեկան աղբիւրը առատաբուխ եղած է մեր գրականութեան ոսկեդարէն մինչեւ մեր օրերը: Ժամանակակից նիւթապաշտութիւնը եւ քաղաքական յոռետեսութիւնները չեն կրնար ցամքեցնել ոսկիէ աղբիւրը հայ մտքին:

Գրական մեր ըմբռնումները բանաձեւած ենք «Բագին»-ի առաջին թիւի խմբագրականով: Երբ կը ձեռնարկենք երկրորդ տարուան հրատարակութեան, մեր գրական դաւանանքը նոյնը կը մնայ: Այս ամսագիրը ազատ բեմը պիտի ըլլայ հայ գրականագէտներուն եւ մտաւորական ընտրանիին: Մեզ շահագրգռողը տաղանդն է»:

«Բագին»-ը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ նորահաս գրական սերունդին, սկսնակ գրողներու վրայ: Ամսագիրը կը գրէ.

«Նորահաս գրողները պիտի քաջալերենք միշտ այն համոզումով, որ նոր սերունդի շարքերէն կը ծնին վաղուան բանաստեղծներն ու գրագէտները:

Մէկ տարուան հունձք արդէն մատուցած ենք հայ ընթերցողներուն: Տարուան մը բովանդակութենէն դուք կը տեսնէք, թէ «Բագին»-ի շուրջ համախմբուած են մօտ 60 գրողներ, որոնցմէ 20-ը հին հեղինակներ են, 22-ը` միջին սերունդի հեղինակներ, որոնք արդէն գրական անուն մը ունին, եւ` 18 նոր գրողներ: Այս համախմբումն իսկ յաղթանակ մըն է գրական այս հանդէսին համար: Ուժերու համախմբումը արդէն նպատակներէն մէկն է «Բագին»-ի:

Այնուհետեւ «Բագին» կը գրէ.

«Հայ միտքի միահաւաք արտայայտութիւնը եւ անոր ընդհանրական բաշխումը սփիւռքի ընթերցողներուն` կը ստեղծէ գրական մթնոլորտ մը` ցրուած հայութեան մէջ եւ կը պահպանէ հայ ոգին առողջ եւ կենսունակ:

«Խմբագրութիւնը կը ձգտի ճոխացնել եւ հետաքրքրական դարձնել այս ամսագիրը, որ գաղութէ գաղութ հոգեկան կապի զօրաւոր ազդակ մը սկսած է արդէն հանդիսանալ»:

Հայկական սփիւռքը միշտ կատարած է իր պարտքը հանդէպ մեր ազգային մշակոյթին: Ան կ՛օգնէ բոլոր այն ձեռնարկներուն, որոնք կը ծառայեն մեր մշակոյթի հարստացման եւ զարգացման` սփիւռքի մէջ: Այդ պատճառով ան սիրով ընդառաջ կ՛երթայ «Բագին»-ին, որուն վիճակուած է մեծ դեր խաղալ առաջին հերթին Մերձաւոր Արեւելքի, այնուհետեւ միւս հայկական գաղութներուն մէջ:

 

Պէյրութի Մէջ Մէկ Պողոտայ Եւ 20 Փողոցներ
Պիտի
Կոչուին Հայկական Անուններով

Արմենիա, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ,
Երեւան
, Մասիս, Անդրանիկ, Րաֆֆի, Կիլիկեա Եւ Այլն

Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին որոշումով մէկ պողոտայ եւ 18 փողոցներ պիտի կոչուին հայկական անուններով, ինչպէս նաեւ երկու փողոցներ պիտի պահեն իրենց հայկական նախկին անունները:

Հայաշէնի եւ Ճերմակ տուներու միջեւ, Նահրի քորնիշէն սկսեալ եւ մինչեւ Սալամի դաշտը երկարող բացուելիք նոր պողոտան, որ պիտի ունենայ 20 մեթր լայնք, պիտի կոչուի Արմենիա:

Հայաշէն թաղին մէջ եօթը փողոցներ պիտի կոչուին հետեւեալ անուններով.

Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Անի, Մասիս, Արաքս, Հայաշէն եւ Թորգոմեան վարժարան:

Ճերմակ տուներու մէջ գտնուող փողոցները, իրենց տասը ճիւղաւորումներով եւ թուագրուած, բոլորն ալ պիտի կոչուին Րաֆֆի:

Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցիին առջեւէն իջնող ճամբան պիտի կոչուի Ս. Յակոբ:

Էշրեֆիէի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին քովէն անցնող ճամբան պիտի կոչուի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան:

Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ քովէն անցնող ճամբան պիտի կոչուի Հայ լուսաւորչական եկեղեցի:

Նոր Հաճըն թաղի մէջ գտնուող եօթը փողոցներ պիտի կոչուին հետեւեալ անուններով.

Կիլիկիա, Վարդան, Արարատ, Վան, Անդրանիկ, Երեւան եւ Խաչատուրեան, երգահան Արամ Խաչատուրեանի անունով:

Այն Մրէյսէի շրջանը, Կրահամ կայարանէն վար իջնող ճամբան, որ հայ հին բժիշկի մը մականունով կը կոչուէր Վարդապետ, պիտի պահէ իր նախկին անունը:

Ինչպէս նաեւ ծանօթ Սուք Էրմէն շուկայի փողոցները պիտի պահեն իրենց նախկին անունները` Սուք Էրմէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )