Էն. Պի. Էյ. Հիթ Յաղթեց, Ճէյմս Նշանակեց 31 Կէտ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած Մայեմի Հիթ – Շարլոթ Հոռնեթց ճակատումը աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 99-94 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 31 կէտ, 8 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ, իսկ անոր խմբակից Տուայն Ուէյտ` 20 կէտ եւ 12 ռիպաունտ:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 78-61
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 98-90
Ինտիանա Փէյսըրզ – Շիքակօ Պուլզ 111-101
Նիւ Եորք Նիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 99-85
Մայեմի Հիթ – Շարլոթ Հոռնեթց 99-94
Օքլահոմա Սիթի – Տալաս Մավըրիքս 112-91
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ 100-98
Եութա Ճեզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 98-91
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Աթլանթա Հոքս
Պրուքլին Նեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ֆէոնիքս Սանզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Տենվըր Նակեթց – Միլուոքի Պաքս

