Գագիկ Ծառուկեանի Անուան Կռփամարտի Մրցաշարքը Պիտի Նուիրուի Վլատիմիր Ենգիբարեանի Յիշատակին
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, նախորդ կիրակի, 3 փետրուարին, Երեւանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենար կռփամարտի ողիմպիական նախկին ախոյեան Վլատիմիր Ենգիբարեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը:
Արարողութենէն անմիջապէս ետք Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ, Եւրոպայի կռփամարտի ֆետերասիոնի անդամ Դերենիկ Գաբրիէլեան անակնկալ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է:
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը, իր լուրը քաղելով Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքէջէն, կը մէջբերէ Գաբրիէլեանի յայտարարութիւնը. «Երեւանի մէջ տեղի ունեցող` Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի անուան կռփամարտի միջազգային մրցաշարքը այսուհետեւ պիտի նուիրուի Վլատիմիր Ենգիբարեանի յիշատակին: Այս նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլայ աւանդական եւ պիտի հովանաւորուի Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ»:

