Ֆրենժիէ. «Արսալի Գործողութիւնը Գործադրուած Էր Միայն Բանակին Կողմէ Եւ Ոչ Թէ Այլ Կազմակերպութիւններու»

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Արսալի մէջ պատահածը այն էր, որմէ զգուշացած էինք աւելի քան տարի մը առաջ:

«Օրի՛ն աշխարհը տակնուվրայ ըրին այն անձնաւորութիւնները, որոնք այսօր լուռ կը մնան, ըլլայ ան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը թէ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ հաստատեց, որ մօտիկ անցեալին լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի այցելած է իրեն եւ փոխանցած, թէ Լիբանանի մէջ ծայրայեղութիւնը հետզհետէ կը շեշտուի: Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակը քաղաքական առումով կատարեալ զօրակցութիւն չի վայելեր, հետեւաբար ծայրայեղական այդ իրավիճակներուն հետ պէտք եղած կերպով չի կրնար վարուիլ: «Բանակի հրամանատարին հետ ունեցած հանդիպումէս ետք, անմիջապէս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցայ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի հետ եւ մաղթեցի, որ բանակին հովանաւորութիւն ապահովուի եւ այդ հարցը արծարծուի կառավարութեան նիստերուն ընթացքին», ըսաւ Ֆրենժիէ` աւելցնելով, որ եթէ ոմանք օրին մեր մտահոգութիւնները լուրջի առած ըլլային, այս աստիճանին չէինք հասներ:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ բանակին Արսալ մուտքը անհրաժեշտ է` ձերբակալելու համար յանցագործները, որոնց դէմ բերման գիրեր արձակուած են: «Ոճրագործը ոճրագործ է, ի՛նչ ալ ըլլայ անոր համայնքը: Հետեւաբար, կա՛մ կայ պետութիւն մը, որ կը ձերբակալէ ոճրագործները եւ կա՛մ չկայ պետութիւն», ըսաւ Ֆրենժիէ:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ Արսալի գործողութիւնը գործադրուած էր միայն բանակին կողմէ եւ ոչ թէ այլ կազմակերպութիւններու: Ան աւելցուց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ Արսալի մէջ տարածուած համայնքային մթնոլորտը այսօր սալաֆականներն են, որ կը քաղեն:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին խօսելով` Ֆրենժիէ շեշտեց, որ ընտրական նոր օրինագիծի մը մշակումը անհրաժեշտ է` աւելցնելով, որ կարելի չէ ընտրական նոր օրէնքի մը հիման վրայ ընտրութիւններ կատարել, եթէ անոր շուրջ համախոհութիւն չկայ, ինչպէս նաեւ եթէ կայ քաղաքական հսկայ կողմ մը, որ կը մերժէ այդ օրինագիծը:

«Բայց եւ այնպէս 1960-ի ընտրական օրէնքը բոլորին կողմէ մերժուած է, հետեւաբար` պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել` յանգելու համար ընտրական նոր օրէնքի մը, այլապէս` մենք կառչած պիտի մնանք Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին եւ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին զայն քուէարկութեան պիտի դնենք», ըսաւ Ֆրենժիէ:

Ան հաստատեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը աւելի ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ եւ աւելցուց. «Ո՛վ որ կը վախնայ համամասնական դրութենէն լռելեայն կ՛ընդունի, թէ խորհրդարանին մեծամասնութիւնը կրնայ ունենալ` առանց սակայն ժողովրդային մեծամասնութիւն ունենալու», նշեց Ֆրենժիէ:

Ան ըսաւ, որ  Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն շահերուն կը ծառայէ, իսկ 1960-ի օրէնքը` Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն: Ֆրենժիէ նախագահ Սլէյմանը ամբաստանեց այն խոստումով, թէ ինք պիտի չարտօնէ, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեն:

«Արդեօք ֆրանսական, քաթարեան եւ  ամերիկեան համախոհութիւնը պիտի ընդունի՞, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը վերստանձնեն Լիբանանի իշխանութիւնը», հարց տուաւ Ֆրենժիէ:

Խօսելով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցած ընտրական օրինագիծին մասին` Ֆրենժիէ ըսաւ, որ Հարիրիի ամբողջ նպատակը սիւննի համայնքին հակակշիռի պահպանումն է եւ անոր անձնական շահերուն համապատասխան ձեւուած է:

«Մուսթաքպալ հոսանքը կը փափաքի պահպանել սիւննի համայնքին վրայ ունեցած իր հակակշիռը եւ որոշ թիւով քրիստոնեաներ ներգրաւելով ան կ՛ուզէ ապացուցել, որ ինք կը մերժէ համայնքային խտրութիւնը, ինչպէս նաեւ ձեւական կերպով կ՛ընդունի քաղաքացիական ամուսնութիւնը` մերժելով անոր վաւերացումը խորհրդարանին մէջ», աւելցուց ան:

Մարատա հոսանքի ղեկավարը շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Ֆրանսայի մէջ ցաւալի թղթածրարներ ունի եւ այդ մասին մենք տեղեակ էինք` անոր նախագահ ընտրուելուն ընթացքին, սակայն անոր շուրջ արդէն իսկ միջազգային համախոհութիւն գոյացած էր:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆրենժիէ շեշտեց, որ յաջորդ ընտրութիւններուն ինք իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ, այլ իր զաւկին` Թոնի Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը:

Ֆրենժիէ նաեւ դիտել տուաւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Մարտ 8-ի կամ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պիտի չզօրակցի` աւելցնելով, որ եթէ Միքաթի Թրիփոլիի մէջ Հարիրիի դէմ ցանկ մը կազմէ, ապա ինք պիտի զօրակցի անոր:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ զէնքի ուժին ունեցած ազդեցութեան մասին խօսելով Ֆրենժիէ ըսաւ, որ զէնքը կը գտնուի լիբանանեան մէկ շրջանի մէջ եւ համամասնական թէ մեծամասնական դրութեան պարագային, անիկա իր ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ, «սակայն հիմնական ազդեցութիւնը դրամին ազդեցութիւնն է, յատկապէս երբ ընտրաշրջանները փոքր են», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )