Զօր. Աուն Ընդունեց Հըզպալլայի Քաղաքական Խորհուրդի Եւ Երիտասարդական Թեւի Պատուիրակութիւնները
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի, ինչպէս նաեւ երիտասարդական թեւի պատուիրակութիւնները:
Զօր. Աուն մաղթեց, որ ներողամտութիւնը եւ հանդուրժողական բաց միտքը բոլորին վարուելակերպին մէջ ներառուի, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ այսուհետեւ ծայրայեղականներ լիբանանցիները իրենց հակակշիռին տակ չառնեն:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ դաշինքը պիտի յաղթէ, որովհետեւ անիկա ատելութեան վրայ չէ հիմնուած, այլ` բարի նպատակներու:
«Մեր միջեւ 7 տարի առաջ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրը ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ Միջին Արեւելքի մէջ դէպքերուն ընթացքը փոփոխութեան ենթարկեց»:
CATEGORIES Լիբանանեան


