Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Տեղեկութիւններուն Թղթածրարին Մասին Բանավէճ Չէ Արձանագրուած
Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է կազմել Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդին յատուկ ընդհանուր քարտուղարութիւն մը, ինչպէս նաեւ որոշած է հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան պիւտճէէն 25 միլիոն լ. ոսկիի գումար մը փոխանցել կենսոլորտի նախարարութեան, որպէսզի անոնք կարենան համապատասխան գոյքերը ապահովել:
Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն գաղտնապահութիւնը:
Տեղեկատուութեան նախարարը շեշտեց, որ բոլոր նախարարները իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են բանակին եւ ընդգծած Արսալի բնակչութիւնը բանակին դէմ յարձակող ոճրագործներէն զատորոշելու կարեւորութիւնը:
Տաուք նշեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւններուն առումով կառավարութիւնը բացատրութիւն մը լսեց Պետական շուրայի նախագահ, դատաւոր Շուքրի Սատերէն, որ ներկայացուց Պետական շուրայի մէկ պատուիրակութեան Ֆրանսա կատարած այցելութեան մանրամասնութիւնները:
Տաուք ընդգծեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին ապահովական կառոյցին փոխանցուելիք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւններու թղթածրարին մասին բանավէճ մը չէ արձանագրուած:
Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ 13 փետրուար 2013-ին:
Տաուք աւելցուց նաեւ, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղած է բոլորին Արսալի դէպքին մեղսակից բոլոր յանցագործները յանձնելու ապահովութեան ուժերուն, որպէսզի արդարութիւն հաստատուի:
Ան շեշտեց, որ Արսալի բոլոր բնակիչները կարելի չէ ոճրագործ նկատել:
Միքաթի ընդգծեց նաեւ երկրին մէջ լարուածութիւնը նուազեցնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել երկրին ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը:
«Միքաթի հաստատեց, որ դատական իշխանութիւնները պէտք է քաղաքական տարակարծութիւններէ հեռու պահել, պահպանել երեսփոխաններուն մտքի ազատութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահութեան դիրքը քաղաքական բանավէճերէ հեռու պահել», ըսաւ Տաուք` նշելով, որ Միքաթի կոչ ուղղած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի` քաղաքական ուժերը վերստին Ազգային երկխօսութեան նիստի մը հրաւիրելու:
Տաուք նշեց, որ վարչապետ Միքաթի անդրադարձած է նաեւ Տնտեսական խորհուրդներուն հետ կատարուած զոյգ հանդիպումներուն, որոնց արդիւնքները փոխանցած է կառավարութեան եւ հաստատած, որ կառավարութիւնը իր կատարած խոստումները յետս պիտի չկոչէ:


