Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Նախագահէ Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան Ժողովին

Երեքշաբթի կէսօրէ ետք Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ գումարուեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան հանդիպումը` մասնակցութեամբ Լիբանանի մէջ ապրող անդամներուն: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Փոլ Եուհաննա եպիսկոպոս եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:

Յիշեալ բացառիկ նիստին օրակարգի գլխաւոր հարցերն էին` նոր ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան հոլովոյթի ճշդում, խորհուրդի տնտեսական ներկայ կացութեան արժեւորում, Սուրիոյ գաղթականներուն օգնութիւն, յառաջիկայ մայիսին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք «Քրիստոնէութեան ներկայութիւնը եւ վկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ» միջազգային համագումարի պատրաստութիւն:

Վերոյիշեալ հարցերուն գծով իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը շեշտեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն խորհուրդին վիճակուած յոյժ կարեւոր առաքելութիւնը մանաւանդ շրջանի պատմութեան այս վճռական հանգրուանին: Հետեւաբար, վեհափառը կոչ ուղղեց շրջանի բոլոր եկեղեցիներուն իրենց մասնակցութեամբ եւ գործակցութեամբ առաւել հզօրացնելու խորհուրդին առաքելութիւնը` յիշեցնելով միաժամանակ, որ ան միակ կառոյցն է, որ կ՛արտայայտէ եկեղեցիներու հաւաքական կամքը եւ կեցուածքը:

Գործադիր վարչութեան լիակատար նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ապրիլին` դարձեալ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES