Ռուստամեան. «Դաշնակցութեան Չմասնակցիլը Նաեւ Կոչ Է»

«Բոլորը չմասնակցիլը կամ չառաջադրելը կը նկատեն մէկ կողմ քաշուիլ, բայց ատիկա այդպէս չէ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞վ պայմանաւորուած է ամէնէն ազդեցիկ աւանդական կուսակցութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին թեկնածու չառաջադրելու ու առաջադրուածներէ ոչ մէկուն սատարելու, Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան ընդգծեց հետեւեալը. «Մենք մինչեւ առաջադրումներու սկիզբը ունեցանք Գերագոյն ժողով եւ անիկա ամբողջական քննութեան ենթարկեց ստեղծուած իրավիճակը: Իսկական ընտրութիւններ ապահովելու միակ տարբերակ տեսնելով միացեալ թեկնածուի առաջացման կարելիութիւնը` խնդիր դրուած էր, որ ամէն ինչ ընենք, որպէսզի այդ թեկնածուն գոյութիւն ունենայ: Դժբախտաբար մենք չհասանք մինչեւ վերջակէտ միացեալ թեկնածուի յառաջացման առումով: Որոշ լուրջ քայլեր կատարուեցան համաձայնութեան հիմքեր ստեղծելու առումով, ինչ որ ես կը նկատեմ նոյնպէս ոչ վատ արդիւնք, որովհետեւ մեր խնդիրն էր միացեալ օրակարգով միացեալ թեկնածու գտնել, ոչ թէ տեղերը փոխել: Եւ այս գաղափարը, կարծես թէ, բոլոր կողմերէն ընդունուեցաւ, այսինքն` ոչ թէ խօսինք անձին մասին, ինչ որ միշտ կրնայ տարակարծութիւններու եւ պառակտումներու աւելի մեծ դաշտ բանալ, այլ նախ ըսենք, թէ ի՛նչ կ՛ուզենք ընել այս երկրին մէջ: Եթէ մենք ընդդիմութիւն ենք, պէտք է ունենանք մեր ընդդիմադիր օրակարգը, որով մենք պիտի տարբերինք այս իշխանութիւններէն, եւ համապատասխան առաջարկներ պէտք է հնչեն: Ատիկա կատարեցինք: Բայց չյաջողեցանք, որ բոլորը միաձայն յայտարարեն, որ այդ օրակարգը իրենց համար ընդունելի է, եւ անցնինք արդէն յաջորդ քայլին` միացեալ թեկնածուի փնտռտուքին»:

Ռուստամեան չհամաձայնեցաւ այն դիտարկումին հետ, որ Դաշնակցութիւնը, որ իր ուսերուն վրայ կրած է Առաջին հանրապետութեան ստեղծման ամբողջ բեռը, ստեղծած է առաջին Ազգային ժողովը, նաեւ աշխուժօրէն մասնակցած է մերօրեայ անկախ Հայաստանի կայացման, այսօր յայտնուած է կրաւորական դիրքերու վրայ եւ սոսկ յայտարարութիւններով կը հետեւի ընտրութիւններու ընթացքին: Ռուստամեան շեշտեց, որ ասիկա կրաւորական կեցուածք չէ: Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը մէկ կողմ չէ քաշուած ընտրութիւններէն, այլ ուզած է ասով ընդգծել այն հիմնական հարցը, որ գոյութիւն ունի այսօր ընտրական համակարգին մէջ, այն խոր ճգնաժամը, որուն մէջ յայտնուած է Հայաստանի մէջ ընդհանրապէս ընտրութիւններու հոլովոյթը: Ըստ Ռուստամեանի, այդ պատճառով Դաշնակցութիւնը անիմաստ նկատեց այդպիսի պայմաններու մէջ ընտրութիւններուն մասնակցիլը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը մանրամասնեց, որ անոր համար կան երկու հիմնական պատճառներ. «առաջին պատճառը այն է, որ ընտրութենէ ընտրութիւն պարզ դարձած է, որ կայ լիակատար իշխանութեան չարաշահում իշխող քաղաքական ուժին կողմէ: Ատիկա արտայայտուած է վարչական-տնտեսական պաշարի անվերահսկելի եւ անսանձ օգտագործման միջոցով: Եւ երկրորդ, ընտրութիւններու նկատմամբ ժողովուրդի, հասարակութեան ծայրայեղ անվստահութիւնը, որուն հիմքն է այն կէտը, որ չունինք նախադէպ, որ ընտրութիւններու միջոցով Հայաստանի մէջ իշխանութիւնները երբեւէ փոխուած են: Եւ ասիկա ընկճուած հիասթափութեան մղած է ընդհանրապէս քաղաքական դաշտը եւ ընտրողները: Եւ այս պայմաններու մէջ իսկապէս անիմաստ եւ անօգուտ է անհաւասար պայմաններու մէջ մտնել, այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ ասիկա քաղաքական պայքար է` ասով ինքն իրեն խաբել եւ խաբել հասարակութիւնն ու ընտրողները: Չմասնակցելով` մենք ուզեցինք ընդգծել այս փաստը, որ եկէք վերջ դնենք այս վիճակին, ստեղծենք ընտրական համակարգ մը, որ կարելիութիւն կու տայ իշխանափոխութիւն իրականացնել: Մենք չենք ըսեր, որ ատիկա իրականացնողը անպայման այսօրուան քաղաքական ուժերը պիտի ըլլան: Բայց ընտրական համակարգը եթէ ատիկա բացառէ` կը նշանակէ, որ ատիկա ժողովրդավարական երկիր, ժողովրդավարական ընտրութիւններ կազմակերպելու ընդունակ երկիր չի կրնար կոչուիլ»:

Ռուստամեան աւելցուց, որ ՀՅԴ-ի չմասնակցիլը նաեւ կոչ է նախ ընտրողներուն, որպէսզի անոնք իմանան, որ եթէ երբեք Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական ընտրութիւններ պիտի ըլլան, ատիկա պիտի կատարուի իրենց մասնակցութեամբ, իրենց գիտակցութեամբ: Ան նշեց, որ ասիկա կոչ է իշխանութիւններուն, որ իրենք հասկնան, որ այսպէս իրենց տոկոսները ուռճացնելը եւ տոկոսի վրայ տոկոս աւելցնելով ինքնագոհ վիճակի մէջ յայտնուիլը բացարձակապէս ժողովուրդին եւ Հայաստանի բարօրութեան չնպաստող տոկոսային աճ է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Վահան Վանական 11 years

    Հարցազրոյցը լաւ պատրաստուած էր.

    Ռուստամեանի Նախագահական Թեկնածու չներկայացնելու արդարացումը տկար է.

    Եթէ բոլոր կուսակցութիւնները նոյն պատճառաբանութեամբ մօտենան, այն ատեն ինչ կրնայ յետեւիլ,

    -ԵԱՀԿ-ը պիտի չմիջամտէ
    -Ներկայ կառավարութիւը կը մնայ եւ կը շարունակէ.

    Եւ ասկէ ետք,
    Եթէ, բոլոր կուսակցութիւնները միցած կարենան համաձայնիլ եւ մէկ ու կէս միլիօն դժգոհներ հրապարակ բերել՝ նախագահին հրաժարականը պահանջելով, առանց խայտարակութեան, այն ատեն յստակ կը դառնայ նախագահին ընդունուելուն-չնդուուելուն պարագան.

    Ինչպէս որ պատահեցաւ Ֆրանսա, Նախագահ Շարլ Տըկօլի պարագային, 1968-ին

    Բարեբախտաբար միւս կուսակցութիւնները նոյնը չըրին.
    Գիտակից քաղաքացին պէտք է քուէատուփ երթայ եւ քուէարկէ. ՀՅԴ-եականներն ալ միասին.

    Չգուէարկելը ամօթ է.

    Վահան Վանական

  • Disqus ( )