Խմբագրական. Թէ՛ Բարոյական, Թէ՛ Զինուորական Յաղթանակ. (Փետրուարեան Խորհուրդներ)

Փետրուարեան հայկական խորհուրդները բազմաթիւ են ու բազմապիսի: Աւարայրէն Արցախ, անցնելով Փետրուարեան ապստամբութենէն փետրուար ամիսը գաղափարախօսական զսպանակումներով տարուան հունաւորում տուող ամիս է: Բոլոր խորհուրդներուն մէջ ալ կարմիր թելի նման կ՛անցնի ինքնուրոյն որոշումի, համազգային իղձերու արտայայտման, ազգային ինքնորոշման իրաւունքի եւ բռնատիրութեան դէմ ազատատենչութեամբ դուրս գալու անտեղիտալի կամքը:

Հայկական փետրուարը արցախեան գետնի վրայ կը սկսէր բարոյահոգեբանական իրավիճակի բարձրացման երեւոյթով: Թէ՛ բարձրագոյն մակարդակներէ եւ թէ՛ տարբեր առիթներու յայտարարուած էր, որ թշնամիի ոտնձգական քայլերը անպատասխան պիտի չմնային հայկական կողմէն: «Անպատասխան»-ը քիչ ժամանակ ետք կը մեկնաբանուէր «համարժէք պատասխան» եզրով եւ աւելի ուշ` «անհամեմատ աւելու ուժեղ» յղացքով:

Այսպէս. 5 փետրուարին ոչնչացուած էր հայկական սահմանը հատելու փորձ կատարած Ազրպէյճանի զինուած ուժերու հետախուզական խումբը: Հայկական կողմը կը յայտարարէր, որ ոչնչացուած են նուազագոյնը չորս  ազրպէյճանցի հետախոյզ բանակայիններ, որոնք կը պատրաստուէին զինուորական գործողութիւն իրականացնել: Հայկական կողմէն զոհեր եւ վիրաւորներ չկան:

Արցախի Հանրապետութեան բանակի պաշտօնական յայտարարութիւնները կ՛ընդգծէին, որ հայկական կողմը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ զինադադարի պահպանման համաձայնութեան: Ազրպէյճանն է, որ Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ անընդհատ հրադադարի խախտումներ կ՛արձանագրէ` նախայարձակ գործողութիւններ կատարելով:

Հայկական կողմը փաստօրէն տարուան սկիզբը` փետրուարին կու տար համապատասխան, համարժէք, անհամեմատ ուժեղ հակահարուածը: Այո՛ հակահարուածը, որովհետեւ Արցախի թէ Հայաստանի հանրապետութիւններու զինեալ ուժերու ղեկավարները բազմիցս յայտարարած են, որ հայկական կողմը նախայարձակ ըլլալու կամ պատերազմ սկսելու որեւէ մտադրութիւն չունի: Սակայն, եթէ իրեն նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն կատարուի, ապա պատերազմէն խուսափելու որեւէ պատճառ չունի:

Վարդանանց պարագային եւս այդպէս էր իրադրութիւններու զարգացման պատճառը: Վարդանանք եւս նախայարձակ չէին. անոնք ընդառաջ կ՛երթային հայոց դէմ պարտադրուած պատերազմին` մերժելով բռնութիւնը, բռնատիրութիւնը, պարտադրանքը, հաւատափոխութիւնը, բռնագրաւումն ու ձուլումը: Կը թուի, որ յազկերտեան մտածողութիւնը աշխարհագրական նոյն միջավայրերուն մէջ պարբերաբար ինքզինք կը դրսեւորէ. այդ մտածողութեան գլուխ-գործոց մը կը հրամցնէր Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահական թեկնածուներէն մին, երբ կը խոստանար ի շարս այլ կովկասեան երկիրներու «Հայաստանը վերադարձնել Իրանի կազմին…»:

Փետրուարեան ապստամբութիւնը բողոքի կազմակերպուած պոռթկում էր խորհրդային կարգերու կողմէ իշխանութեան փոխանցման պայմաններու շուրջ կայացած համաձայնութեան խախտման դէմ: Այստեղ եւս նախայարձակման քայլ չկար. ընդհակառակն` խաղաղ, անցնցում իշխանութեան յանձնման դիմաց բռնութիւններու, խաբէութիւններու եւ հալածանքի մերժումն էր փետրուարեան ապստամբներու կազմակերպած բողոքը:

Վարդանանց պատերազմը զինուորական ճակատի վրայ արձանագրուած պարտութեամբ հանդերձ փրկեց հայութիւնը եւ ամրագրեց իբրեւ ազգ գոյատեւելու մեր շարունակականութիւնը: Փետրուարեան ապստամբութիւնը ճիշդ է, որ չտապալեց ապազգային իշխանութիւնները, այսուհանդերձ վերափաստեց հայութեան ազատատենչութիւնը եւ լուսաւոր ուղենիշ հանդիսացաւ մեր ժողովուրդի հետագայ գոյերթին համար: Ի տարբերութիւն փետրուարեան միւս երկու խորհուրդներուն, արցախեան ազատամարտը յաջող պսակումներ ապահովեց թէ՛ զինուորական, թէ՛ գաղափարախօսական եւ թէ՛ բարոյահոգեբանական ուղղութիւններու վրայ: Աւելի՛ն: Երկարատեւ զինուորական պարտութիւններու, պետականութեան կորուստի առթած հետեւանքներու զանազան հանգրուաններէն ետք Արցախը առաջին յաղթանակն էր, պետականութեան հաստատումն էր, ազատամարտն էր, ազատագրումն էր: Յաղթանա՛կ էր: Թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ զինուորական:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Վահան Վանական 11 years

    Հայուն Աւարայրները,

    Աւարայրի նշանաբանը եւ Աւարայրեան Ճակատամարտնէրը Հայ Ժողովուրդի համար 1600 տարիներէ ի վեր կը շարունակուին տակաւին.

    Յաջորդ Ճակատամարտ մը եւս որ պատրաստութեան մէջ է՝ ազգովին պատրաստ պէտք է ըլլանք ճակատագրական հարուած մը տալու մեր արիւնարբու թշնամիին՝ նստած հայաստանի պատմական հողերուն վրայ եւ դարձած սպառնալիք.

    Եւ այս Հարուածը Պիտի Ըլլայ Պատմական եւ Վըրջնական.

    Հայը Ունեցած է Հերոսներ՝ Վարդանէն ի վեր, եւ Կրկին Կ’ունենայ Հերոսներ՝
    յիշէլու համար յաջորդ 1600 տարիներ ընթացքին.

    Վահան Վանական

  • Disqus ( )