ՕԹԱՆ-Ի ՌՄԲԱՁԻԳՆԵՐԸ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ ԹԻՐԱԽՆԵՐ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵՆ

ՕԹԱՆ-ի  ռմբաձիգները երէկ արշալոյսին Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ հարուածեցին շարք մը թիրախներ: Առաւօտեան շուրջ ժամը 3:00-ին Թրիփոլիի մէջ չորս պայթումներու ձայներ լսուեցան, ապա հիւանդատար մեքենաներու ճչակներու ձայներ լսուեցան: Լիպիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը յայտնեց, որ Լիպիոյ մայրաքաղաքը «այժմ գաղութատիրական-խաչակրական ռմբակոծումի կ՛ենթարկուի»:

Նախապէս երկու հրթիռներ հարուածեցին Թրիփոլիի կեդրոնին մէջ գտնուող «Կանաչ գիրքի ուսումնասիրութեան» կեդրոն մը: «Կանաչ գիրքի ուսումնասիրութեան» կեդրոնը ընդգրկող այդ համալիրը 29 ապրիլին եւս ռմբակոծման ենթարկուելով ծանր վնասներ կրած էր:

Share this Article
CATEGORIES