ՄՈՎՍԷՍ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻ ԿՐԱԿՈՑՆԵՐԸ ՇԱՆԹԱԺ Կ՛ՈՐԱԿԷ

Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին օրը` 9 մայիսին, Լեռնային Ղարաբաղի բանակին եւ Ազրպէյճանին զինեալ ուժերու շփման գիծը հանգիստ է:

Շուշիի մէջ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան յայտնեց, որ վերջին 5 ամսուան ընթացքին 9 մայիսը ամէնէն հանգիստ օրը եղած է:

Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն եւ շփման գիծին վրայ անոնց յաջորդող կրակոցներուն` Մովսէս Յակոբեան նշեց, որ այդպիսով ազրպէյճանական կողմը կը փորձէ շանթաժի ենթարկել համանախագահող երկիրները, որպէսզի որոշակի ճնշումներ գործադրեն Լեռնային Ղարաբաղի վրայ:

«Ղարաբաղեան բանակին համար ատիկա անընդունելի է եւ որեւէ ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ անոր վրայ», աւելցուց Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարը:

Մովսէս Յակոբեան անդրադարձաւ նաեւ Ստեփանակերտի օդակայանին վերաբացման առնչութեամբ Ազրպէյճանի ուղղած սպառնալիքներուն:

«Եթէ պետական պաշտօնեան իր ուժերէն վեր յայտարարութիւններ կը կատարէ, չեմ կրնար ատիկա մեկնաբանել, որովհետեւ այն ինչ որ կը յայտարարէ, չի կրնար իրականացնել», ըսաւ պաշտպանութեան նախարարը եւ աւելցուց. «Մենք կրնանք օրական մօտ 62 քաղաքացիական օդանաւեր ռմբակոծել Ազրպէյճանի տարածքին մէջ, բան մը, որ չենք ըներ, եւ կը հասկնանք, որ քաղաքացիական օդանաւերը ռմբակոծելը ոճիր է»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES