ԷՖԹԻՄԻՈՒ. «ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԽԱՂԱՂ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻ»
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 10 մայիսին հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀկ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փեթրոս Էֆթիմիուի հետ:
Ողջունելով հիւրը` Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ ԵԱՀկ-ի խորհրդարանական վեհաժողովը միջխորհրդարանական համագործակցութեան կայացած ձեւաչափ է եւ Հայաստան իր աշխուժ մասնակցութիւնը կը բերէ այդ կառոյցի գործունէութեան:
Զրուցակիցները քննարկեցին ԵԱՀԿ-ի օրակարգային շարք մը հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան արցախեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն շուրջ: Այդ առնչութեամբ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահը կարեւոր նկատեց նաեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը` զինադադարի ամրապնդման եւ արձակազէններու հեռացման միջոցով` շեշտելով, որ հիմնախնդիրի խաղաղ բանակցային լուծումը այլընտրանք չունի:
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ՄԱՐԹԵՆՍԸ
Միւս կողմէ, նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Ուիլֆրիտ Մարթենսը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն փոխադարձ գործակցութեան շարունակական զարգացման հոլովոյթը եւ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրին առնչուող հարցեր:
Նալբանդեան եւ Մարթենս միտքեր փոխանակեցին շարք մը միջազգային եւ շրջանային օրակարգային խնդիրներու շուրջ:
Նախարար Նալբանդեան ներկայացուց արցախեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները: Այս ծիրին մէջ ան նշեց, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է համապատասխան գնահատական տայ Ազրպէյճանի կողմէ հնչող ուժի կիրարման սպառնալիքներուն եւ սադրիչ գործողութիւններուն:
«Ես յոյս ունէի, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հանդիպումներէն ետք հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման նոր հանգրուան կը թեւակոխէք: Բայց շատ հիասթափուած եմ, որ յարաբերութիւններու բարելաւման հոլովոյթը արգելափակուեցաւ Թուրքիոյ պատճառով», լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Ուիլֆրիտ Մարթենս:
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ` Եւրոպական միութեան անդամակցութեան, ապա, ըստ անոր, անդամակցելու համար կարեւոր են ոչ միայն տնտեսական չափանիշները, այլեւ` անձերու ազատ տեղաշարժը:
Մարթենս նշեց, որ բնականոն յարաբերութիւնները պիտի նպաստեն եւրոպական համարկման: