50 Տարի Առաջ (9 Փետրուար 1963)

Բարգաւաճող Նոր Սիսը

Պուրճ Համուտի հայաշատ կեդրոնին մէջ Նոր Սիսը իր դպրոցով եւ եկեղեցիով, ակումբով, մշակութային, բարեսիրական, մարզական եւ հայրենակցական կազմակերպութիւններով ազգապահպանման եւ հայեցի տոհմիկ դաստիարակութեան սատարող օգտաշատ դեր մը կատարած է եւ կը շարունակէ կատարել 35 տարիներէ ի վեր:

Նախնական եւ շատ խեղճ պայմաններու մէջ սկսած այս գործունէութիւնը տարիներու ընթացքին, շնորհիւ սիսեցի հայրենակիցներու համերաշխ, եռանդուն եւ ազգանուէր գործունէութեան, ոչ միայն յառաջդիմեց կազմակերպչականօրէն այլեւ բարելաւուած ու ներկայանալի բնակարաններու  զուգընթաց բարձրացան գեղակերտ Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ մանկավարժական արդիական պայմաններով օժտուած ներկայանալի դպրոցը:

Եւ իրապէս, անոնք, որոնք կը ճանչնան Նոր Սիսը իր հիմնադրութեան օրերէն, կրնան վկայել կատարուած այն սքանչելի բարեփոխութիւններու մասին, շինարարական թէ կազմակերպական, որոնք արդիւնք են սիսեցիի տքնաջան աշխատանքին, աննկուն կամքին եւ աւանդապահ հայրենասիրութեան:

Նոր Սիսի դպրոցը հիմնուած է 1930-ին, 280 երկսեռ աշակերտներով: Սկզբնական շրջանին անիկա տախտակէ վարագ մըն էր:

1932-ին երկու յարկի վրայ կը շինուին վեց սենեակներ: Այս սենեակները կը դառնան նախակրթարան: Մանկապարտէզի բաժինը կը փոխադրուի կաթողիկոսարանի բարերար Միսաք Ազիրեանի տրամադրած հողամասին վրայ եւ իր իսկ կողմէ կառուցուած սրահին ու յարակից սենեակներուն մէջ:

Ամբողջ 25 տարիներ, «Ազիրեան» սրահը գնահատելի դեր մը կը կատարէ` օգտագործուելով իբրեւ մանկապարտէզ: Միսաք Ազիրեան ոչ միայն նիւթական վարձատրութիւն ստացած չէ, այլեւ բարերարի ազնուական կեցուածքով, իբրեւ ազգասէր սիսեցի, միշտ ալ բարոյական ու նիւթական իր լայն օժանդակութիւնը բերած է, դպրոցին, եկեղեցիին եւ հայրենակցական ձեռնարկներուն:

Նոր Սիսի ազգային մարմինները, երախտագիտական անկեղծ զգացումներով կը յարգեն իրենց մեծանուն հայրենակիցը:

1935-ին շինուած է Ս. Սարգիս տախտակաշէն եկեղեցին: 1948-ին գնուած է հողամաս մը, իր երեք սենեակներով: 1952-ին նոր սենեակներ եւս կառուցուած են, նախակրթարանի բաժնի սենեակներուն թիւը բարձրացնելով 12-ի:

1950-ին, տախտակաշէն եկեղեցին կը վերակառուցուի գեղակերտ շինութեամբ, երկրորդ յարկի վրայ:

Թաղականութեան ու հոգաբարձութեան եռանդուն այս գործունէութիւնը մարմին կու տայ շինութեան յանձնախումբի մը:

Լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան զօրավիգ կը կանգնի շինութեան յանձնախումբին գործունէութեան: Շուտով եկեղեցւոյ ձախ կողմը գտնուող հինգ հողամասեր կը գնուին ու կը միացուին դպրոցին:

Այս հողամասերուն գետնայարկը մեծամասնութեամբ կը յատկացուի խաղավայրի, իսկ վերի յարկը` արդիական նոր մանկապարտէզի: Այսօր դպրոցը ունի 17 դասարաններ, երկու ուսուցչարան եւ մէկ հաւաքավայր: Կ՛ուսանին 520 երկսեռ աշակերտներ` տնօրէնութեամբ Անդրանիկ Ուրֆալեանի: Կը պաշտօնավարեն 22 երկսեռ ուսուցիչներ:

Վերջին երկու տարիներու ընթացքին, շինարարական թէ կահաւորման գծով, մեծ օժանդակութիւն ցոյց տուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը: Երկար տարիներէ ի վեր դպրոցը վայելած է Լիբանանի  օգնութեան խաչի եւ հայրենակցական զանազան միութիւններու օժանդակութիւնը:

Վերջին հինգ տարիներու ընթացքին շինութեան յանձնախումբը ունեցած է 140.000 լ. ոսկիի ելեւմուտ: Այս գումարին 70.000 լ. ոսկին գոյացած է տասը տարիներու ընթացքին թաղականութեան, հոգաբարձութեան եւ վարժարանի ամբողջական գործակցութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկներով: Գնած է նաեւ երեք յարկանի հասութաբեր կալուած մը: Այժմ թաղի ազգային իշխանութիւնը ունի 70.000 լ. ո. պարտք:

1962-ի վերջին կիսամեակին բնիկ սիսեցի ազնուական հայորդի մը` Աքսոր Գասարճեան, հակառակ տարիներով հեռու ապրած ըլլալուն հայկական միջավայրէն, տոգորուած սակայն հայրենակցական եւ ազգային զգացումներով, շնորհիւ իր բարեկամական կապին թաղի երիտասարդներէն Միսաք Ռաֆայէլեանի, կը տեղեկանայ ստեղծուած կացութեան ու իր կենսական միջամտութեամբ եւ բարեացակամ տրամադրութեամբ յանձն կ՛առնէ դպրոցին ամբողջական բացը գոցելու նուիրատուութիւնը:

Թաղի ազգային մարմինները, համախորհուրդ առաջնորդ սրբազան հօր, Ազգային Քաղաքական ժողովին եւ Ուսումնական խորհուրդին, կ՛որոշեն Լուսինեան Ազգ. վարժարանը վերակոչել «Աքսոր Գասարճեան Ազգ. երկսեռ վարժարան»:

Վաղը` կիրակի, 10 փետրուար 1963, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը պիտի կատարուի մեծ շուքով` բարձր հովանաւորութեամբ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի եւ ներկայութեամբ առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի:

Տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. պատարագ, նորաշէն մարմարեայ Ս. խորանի օծում, հոգեհանգստեան պաշտօն, մատաղօրհնութիւն:

Յաւարտ Ս. պատարագի, հանդիսաւոր արարողութեամբ, վարժարանի նոր անունը կրող մարմարեայ ցուցատախտակի վրայի քողը պիտի բանայ, նուիրատուի փափաքով իր ազնուափայլ տիկինը Անահիտ Գասարճեան, երկու զաւակներուն` Արմէնի եւ Պերճուհիի հետ միասին:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )