Ի՞նչ Գոյնի Պնակի Մէջ Պիտի Ուտենք Մեր Ճաշը Այսօր
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Եթէ կ՛ուզես աւելի համով տաք տուրմ խմել այս ցուրտ օդին, պէտք է ըմպելին դնես նարնջագոյն կամ քրեմ գոյնի գաւաթի մը մէջ: Այս եզրակացութեան եկած են սպանացի եւ անգլիացի գիտնականներու խումբ մը` շատ լուրջ ուսումնասիրութիւններէ ետք:
Ըստ կատարուած վերջին ուսումնասիրութիւններուն, կերակուրի ամանին գոյնը կ՛ազդէ համի զգայարանին վրայ: Այս եզրակացութեան հասնելու համար գիտնականներու խումբը յիսունեօթը կամաւորներու տաք տուրմ տուած է խմելու` չորս տարբեր գոյներով գաւաթներուն մէջ. կարմիր, ճերմակ, նարնջագոյն եւ քրեմի գոյն:
Ինչո՞ւ նարնջագոյն կամ «քրեմ»
Պատճառը մենք պէտք է փնտռենք մեր ուղեղին մէջ: Առաջին հերթին տեսողութիւնն է, որ մեզի տեղեկութիւններ կու տայ ուտելիքին մասին, այսինքն այս ամանը, որուն մէջէն մենք կ՛ուտենք: Մարտ 2012 կատարուած ուրիշ ուսումնասիրութիւն մը յայտնաբերած է, որ ախորժակ բացող պնակ մը ճաշ տեսնելը ինքնին կ՛աշխատցնէ մեր ուղեղէն բաժիններ` մեզ պատրաստելով սիրելու մեր համտեսած ուտելիքը:
Ասիկա կը նշանակէ, թէ մենք «կ՛ուտենք» նաեւ մեր աչքերով: Հետեւաբար ան «ըմբռնումի» հարց է, այսինքն` մեր շուրջի աշխարհը հասկնալ մեր զգայարաններուն միջոցով:
Իւրաքանչիւր ուտելիքի համապատասխանող գո՞յն մը
Սակայն մենք միջոցը չունինք գիտնալու, թէ պնակի ո՞ր գոյնը ուտելիքի մը կամ ըմպելիի մը համը կը լաւացնէ:
Ասոր կողքին, ուրիշ գիտնականներ ապացուցած են, թէ, օրինակի համար, ելակով անուշեղէն մը աւելի շաքարոտ կը թուի ճերմակ պնակի մը մէջ, կամ խմիչք մը աւելի զովացնող կ՛երեւի կապոյտ անօթի մը մէջ:
Իսկ դո՛ւն ինչ կը մտածես այս ուսումնասիրութեան մասին: Արդեօք նշմարա՞ծ ես, թէ յատուկ ուտելիք մը կամ խմիչք մը քեզի աւելի համեղ կը թուի յատուկ գոյնով անօթի մը մէջ:
Պտո՞ւղ, Թէ՞ Բանջարեղէն
Դդում, խնձոր, դեղձ, վարունգ: Ասոնցմէ որո՞նք պտուղ են, որո՞նք բանջարեղէն: Ասիկա պարզ հարցում մը կը թուի. սակայն գիտնականներուն պատասխանը կրնայ մեզի զարմանալի թուիլ:
Բուսաբանի մը համար անոնք բոլորը պտուղներ են: Պտուղը բոյսին այն բաժինն է, որ կը մեծնայ ծաղիկէն: Անիկա կը պարունակէ հունտեր, որոնք իրենց կարգին կրնան բոյսի վերածուիլ: Այդ հունտը կրնայ մէկ մեծ հատիկ մը ըլլալ, ինչպէս` ավոքային պարագային, կամ` բազմաթիւ պզտիկ հունտեր, ինչպէս` վարունգին մէջ, նարինջին մէջ…
Իսկ ի՞նչ է բանջարեղէնը: Բանջարեղէնը բոյսին այն բաժինն է, զոր մենք կրնանք ուտել: Մենք կրնանք ուտել արմատները (ստեպղին), ուռուցիկը (գետնախնձոր), տերեւները (շոմին), կամ կոթերը (կարոս):
Կարեւոր Եւ Սննդարար
Ուտելիքներ
Այս հզօր ուտելիքները սնունդով հարուստ են. անոնք կրնան մեր մարմնին դիմադրականութիւնը (մանրէներուն դէմ պայքարելու միջոցը) զօրաւոր պահել եւ մեզի օգնել առողջ մնալու:
Անոնցմէ յիշենք.

Անուշ գետնախնձոր: Անիկա ամէնէն շատ սննդարար բանջարեղէններէն մէկն է: Կը պարունակէ փոթասիոմ, Սէ եւ Ա կենսանիւթ, քալսիոմ եւ երկաթ:

Լման հացահատիկներ: Լման հացահատիկներ, ինչպէս` վարսակը, սեւ բրինձ, կամ քինոա, շատ հարուստ են հանքային նիւթերով, Պէ եւ Ի կենսանիւթերով:
Հոյամողէսներէն Աւելի Զօրաւոր
Եթէ մենք բաղդատենք այս անասունին խածուածքը անոր հասակին հետ, պիտի անդրադառնանք, թէ փիրանա ձուկը բոլոր անասուններուն մէջ ամէնէն ահարկու խածնելու մեքենան է:
«Նեշընըլ Սայընթիֆիք Ռիփորց» գիտական թերթի թղթակիցներն են, որոնք այս հաշիւները ըրած են:
Ըստ այս ուսումնասիրութեան, փիրանան կ՛անցնի նոյնիսկ ահաւոր թիրանոսոր հոյամողէսին, կամ` մեկալոտոնին, որ ճերմակ շանաձուկին 25 միլիոն տարիներ առաջ ապրող նախահայրն էր:
Հետաքրքրական
- Քալիֆորնիոյ, Միացեալ Նահանգներ, օդակայանին մէջ, հովը այնքան զօրաւոր էր, որ օդ պիտի բարձրացնէր 214 թոն կշռող հսկայական օդանաւ մը: Տեղը կեցած օդանաւը հովի ազդեցութեան տակ տեղէն շարժեցաւ, անոր քիթը վեր բարձրացաւ եւ ան 50 մեթր անդին գնաց:
- Ամերիկացի Աշրիթա Ֆըրման կրցած է 10 մեթր քալել աշխարհի ամէնէն ծանր կօշիկները հագած. զոյգ մը կօշիկները միասին կը կշռէին աւելի քան 145 քիլօ:
- Աշխարհի վրայ 5 բնակիչներէն մէկը չինացի է:
Աշխարհի ամէնէն արագ աճող բոյսը պամպու եղէգն է: Կարգ մը եղէգներ կրնան օրական աւելի քան մէկ մեթր երկարիլ:
- Մեր սիրտը օրական մօտաւորապէս 120 անգամ կը տրոփէ:
Կատուի մը ականջին մէջ կան 32 մկաններ: Այս մկանները անոր կարելիութիւնը կու տան զանոնք ճշգրտօրէն ուղղելու` գիտնալու համար, թէ ուրկէ՛ կու գայ իւրաքանչիւր ձայն: Մինչ մարդ արարածին ականջը ունի միայն 6 մկան:
- Ամէն 50 տարին անգամ մը Հրատ մոլորակէն քարեր կ՛իյնան երկրագունդին վրայ:
- Կարգ մը անձեր կրնան ցուրտին հանդէպ գերզգայնութիւն ունենալ:
- Գոյութիւն ունի սարդի տեսակ մը, որ ինքն իր շուրջ մետաքսայ խոզակ մը կը շինէ, որպէսզի կարենայ շնչել ջուրին տակ:
- Սկզբունքով փինաթ պաթըրը ստեղծուած էր իբրեւ փրոթէինի սնունդ` ակռայ չունեցող անձերուն համար:
- Ելակի գոյն մորթով ընձառիւծ մը տեսնուած է Հարաւային Ափրիկէի մէջ:
- Անձ մը պասքեթպոլի տրիպըլ ընելով` կտրած է 370 քմ` Ճափոնի ցունամիին զոհերուն համար դրամ հաւաքելու:
- Երեւակ մոլորակին վրայ ցամաք գոյութիւն չունի:
Ժամանց