Աջակից Դառնանք Սուրիոյ Մեր Ամրոցին

Ստորեւ կը ներկայացնենք, յունուար 20-ին Մոնրէալի մէջ կայացած սուրիահայութեան զօրակցութեան հաւաքի ընթացքին Սուրիահայութեան օժանդակութեան Քանատայի համադրիչ մարմինի ատենապետ Ժան Հալլաճեանի արտասանած խօսքը:

Ամիսներ առաջ, երբ համադրիչ մարմինին անունով կ՛այցելէի քանատահայ գաղութները` Թորոնթոյէն սկսեալ եւ հասնելով մինչեւ Քեմպրիճ եւ այլ շրջաններ, եւ երբ կ՛արտայայտուէի սուրիահայութեան մասին, կը խօսէի իրավիճակի մը մասին, որ շաբաթներ չանցած պարզեց այնպիսի թաւալգլոր պատկեր մը, որուն միայն տագնապ անունը տալը քիչ էր: Արդարեւ, այսօր պէտք է ընդունինք, որ սուրիահայութեան ապրած կացութիւնը աղէտի տարողութիւն ունի: Առ այդ, պէտք է մեր մտածողութեան եւ մտահորիզոններու ծիրը ընդարձակենք` այդ աղէտին ստեղծած վիճակին համազօր բացատրութիւն տալու, այդ աղէտին դժուարութիւնները ընկալելու եւ ըստ այնմ գործելու ու դիրքորոշուելու համար:

Երկու ամիս առաջ, երբ այս ժողովրդային հաւաքին հրաւէրը ստացայ, ունէի այն մտավախութիւնը, որ այսքան երկարաձիգ ժամանակաշրջանի ընթացքին ի՞նչ զարգացումներ կրնային տեղի ունենալ այդ տարածաշրջանին մէջ եւ անոր ընդմէջէն ի՞նչ կացութեան մէջ կրնային յայտնուիլ Սուրիան եւ սուրիահայ գաղութը, եւ ի՞նչ ձեւով է, որ կրնայի պատրաստուիլ` զեկուցելու, խօսելու կացութեան մը մասին, որ անորոշ է եւ գէթ երկու ամսուան ընթացքին այնքան զարգացումներու ենթակայ կրնայ ըլլալ, որ մեր մեկնակէտերը եւ ելակէտերը կրնային փոխուիլ:

Բարեբախտաբար այդ ելակէտերէն կամ, աւելի ճիշդը, գործօններէն երկուքը ոչ թէ չփոխուեցան, այլեւ հաստատուեցան եւ ամրագրուեցան: Ինծի համար այդ մէկը հանգստացնող էր, որովհետեւ իմ ըսելիքներուս հիմնական առանցքը այդ երկու գործօններուն ապահով ու հաստատ ըլլալն էր, անկէ ետք է, որ պիտի անցնէի մանրամասնութիւններու: Առաջին գործօնը մեր իրականութեան մէջ գործող հոգեւոր հայրերու եւ քաղաքական պատկան իշխանութիւններու մօտեցումներն էին, որոնք մնացին ամուր եւ անփոփոխ: Առաջինը` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական դիրքորոշումն էր, յանձինս Հայաստանի նախագահին, որուն ելոյթներուն ընդմէջէն ոչ միայն կարեւոր կը նկատուէր սուրիահայութիւնը, այլ անոր կը տրուէր ռազմավարական կարեւորութիւն` յոյս ներշնչելով մեզի, որ քաղաքական աշխարհին մէջ սուրիահայ գաղութը, սփիւռքեան թիկունքին կողքին, պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անսակարկ դրական կեցուածքը: Նաեւ ասոր վրայ պէտք է աւելցնել մեր երկու կաթողիկոսներուն` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին մօտեցումները: Արդարեւ, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը արագօրէն կոնդակով մը կոչ ուղղեց մեր հայրենակիցներուն, որ իրենց նիւթական ներդրումը բերեն` համապատասխան հանգանակութիւններու ճամբով, իսկ Արամ Ա. վեհափառին ամէնօրեայ հետապնդումները, որպէս հայր մանրամասնութիւններուն եւ իրադարձութիւններուն մօտէն հետեւելու իրողութիւնը մեզի յաւելեալ ուժ, շունչ եւ յոյս ներշնչեց: Նաեւ մեր քաղաքական անձնաւորութիւններուն մօտեցումներն ալ այս առումով մնացին անփոփոխ, եւ մենք, երբ կը հետեւինք մամուլին, կը տեսնենք, որ մեր քաղաքական գործիչները ամէնօրեայ դրութեամբ ինչպէ՛ս լուսարձակի տակ կը բերեն սուրիահայ գաղութին կարեւոր դերակատարութիւնը եւ կ՛ուզեն, որ այս դժուար օրերուն հայութիւնը մնայուն կերպով իր անսակարկ օժանդակութիւնը բերէ տագնապալի վիճակ դիմագրաւող այս գաղութին գոյատեւման:

Երկրորդ գործօնը նոյնինքն սուրիահայ պատասխանատու անձնաւորութեանց, հոգեւոր հայրերու յայտարարութիւններն են, մօտեցումներն են, սկզբունքային առաջադրանքներն են, որոնք մնացին անփոփոխ` հաստատելով, որ սուրիահայութիւնը իբրեւ կառոյց, իբրեւ գաղութ պէտք է պահպանուի, եւ մենք այդ մարտահրաւէրին դէմ յանդիման ենք: Այս մէկը ոչ միայն պատասխանատու շրջանակներու արտայայտութիւններ եղան ու մնացին, այլ ասոր զուգորդուեցաւ նաեւ ժողովրդային պայքարունակութեան կամքը, որ ամէն առիթներով իր դրսեւորումը ունեցաւ` ըլլայ ատիկա սուրիական հողին վրայ գտնուող ժողովուրդին կողմէ, որ ամէնօրեայ դրութեամբ այդ տագնապալի վիճակը կ՛ապրի, ըլլայ այն հատուածէն, որ իր միջոցներով կրցաւ դուրս գալ դժուարութիւններ ապրող այդ շրջանէն, գնաց հայրենիք կամ մերձակայ գաղութներ. ան եւս նոյնանման կեցուածքներ կ՛արտայայտէ:

Բոլորն ալ շեշտը դրին սուրիահայ գաղութին կարեւորութեան վրայ. ոմանք ըսին, որ անիկա կը մնայ հայրենիքին կամրջող օղակը, ուրիշներ ըսին, որ իբրեւ սահմանամերձ շրջան մեր պատմական հողերուն` ան իր բերելիք դերը ունի այսօրուան եւ յառաջիկայի զարգացումներուն մէջ, ուրիշներ սուրիահայութեան մէջ տեսան արեւմտահայերէնի պահպանման հիմնական կռուաններէն մին: Այս բոլորին գումարումը կու գար արդարացնելու այն հանգամանքը, որ շատեր տուած են սուրիահայութեան` զայն նկատելով մայր գաղութ:

Ասիկա այն մայր գաղութն է, որ կը ծնի ազգային գործիչներ, ա՛յն մայր գաղութը, որ կը ծնի հոգեւոր ծառաներ, եւ, ա՛յն մայր գաղութը, որ նաեւ կը ստանձնէ խնամատարութիւնը համասփիւռքեան, համահայկական կարիքներուն: Արդարօրէն, մինչեւ օրս մենք այդ հանգամանքը կը տեսնենք արդարացի եւ իրաւացի:

Աչքաթող չենք կրնար ընել նաեւ այլ հանգամանք մը. այն, որ այսօրուան իրավիճակով սուրիահայութեան մէջ արմատացած է Սուրիոյ պատկանելիութեան, հայրենիքի պատկանելիութեան զգացումը: Եթէ ժամանակին բոլորս ալ իբրեւ մեծամասնութեամբ Սուրիայէն անցած հայորդիներ, այս կապուածութեան տաքութիւնը, ամրութիւնը այդքան ալ չէինք զգացած, այսօր այդ երեւոյթը կը պարզուի իբրեւ ուսանելի պատկեր մը: Այսօր սուրիահայը ինքզինք Սուրիոյ հողերուն, սուրիական հայրենիքին կապուած կը զգայ, եւ, առ այդ, կը մատուցէ իր քաղաքացիական պարտաւորութիւնները` ծառայելով բանակին, ծառայելով պետականութեան եւ իր մասնակցութիւնը բերելով Սուրիոյ տնտեսական ու մշակութային վերելքին:

Հետեւաբար սուրիահայու նկարագիրի ամբողջական եւ ճշգրիտ գնահատականը տուած չենք ըլլար, եթէ կարծենք, թէ սուրիահայը կրնայ պետեւիի կամ գնչուի կարգավիճակին մէջ ըլլալ` այսօր Հալէպ հաստատուած վիճակէն հրաժարելով վրանը շալկէ եւ վաղը Ղարաբաղի Քաշաթաղ գիւղը հաստատուելու կացութեան մէջ ըլլայ:

Ասկէ մեկնած` պիտի տեսնենք, որ ինչպէ՛ս վերջին գէթ 25 տարիներուն ընթացքին սուրիահայը նաեւ ապրեցաւ համեմատաբար բարգաւաճ կեանք, որ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ համահայկական եւ համասփիւռքեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն իր մասնակցութեան վրայ:

Այսօր կ՛ուզենք նաեւ ընդգծել այլ հանգամանք մը, որ սուրիահայը կը գիտակցի այսօրուան միջազգային բեմին վրայ աշխարհաքաղաքական զարգացող երեւոյթներուն, ատոր նրբերանգներուն հետ լաւապէս վարուելու եւ զանոնք հասկնալու գիտակցութիւնը ունի, որովհետեւ կարճ ժամանակներու ընթացքին փոխուող պայմաններուն յարմարելու ունակութեամբ օժտուած է (ի՛նչ ալ ըլլան այդ պայմանները): Հիմնականին մէջ այսօր սուրիահայը հետեւեալը կը պատգամէ. ան կու գայ մերժելու գոյութիւն ունեցող այն թիւր ըմբռնումը, թէ սուրիահայը իշխանամէտ պատկանելիութեամբ արջի ծառայութիւն կը մատուցէ Սուրիոյ իշխանութիւններուն. սուրիահայը կը հաստատէ, որ ինք ծառայութիւն կը մատուցէ Սուրիա հայրենիքին, Սուրիա հայրենիքի հողային տարածքին ամբողջականութեան ու անոր միատարրութեան պաշտպանը կը հանդիսանայ, եւ եթէ ճիշդ են այս մեկնակէտերը, շատ ալ սխալած չեն իրենք: Արդարեւ, եթէ սերտենք գէթ վերջին 70-80 տարիներու սուրիահայութեան պատմութիւնը, պիտի տեսնէք, որ սուրիահայերը աղերսուած են իշխանութիւններուն, որովհետեւ վերջին հաշուով իշխանութիւններուն հետ յարաբերելու խնդիր ունին, իշխանութիւններուն ընդմէջէն գաղութին հարցերը լուծելու խնդիր ունին եւ ոչ թէ ծառայութիւն կը մատուցեն իշխանութեան:

Հետեւաբար լաւագոյն բանաձեւումն է այսօր մեր մշակած քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք հայ զանգուածներու, պատասխանատու ընկերներու, հոգեւոր հայրերու այն կեցուածքները, որոնց համաձայն, անոնք քաջալեր կը հանդիսանան բոլոր կողմերու համակեցութեան, բոլոր կողմերու փոխադարձաբար իրար ընդունելու, իրերամերժ չըլլալու ու այդ գաղափարը յարգելով` գոյակցելու եւ Սուրիա հայրենիքին թիկունք կանգնելու: Մենք այսօր կրնանք այդ բանաձեւումին տալ դրական չէզոքութիւն անուանումը, բայց հիմնականն ու կարեւորը այն է, բանաձեւումին լաւագոյնս պիտի կարենանք այս տագնապին ընդմէջէն նուազագոյն վնասներով անցնիլ:

Որպէսզի կարենանք սուրիահայութեան ապրած տագնապը ճշգրիտ կերպով տեղադրել աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներու ընդհանուր պատկերին մէջ, պէտք է երկու բառով, առանց խորանալու քաղաքական վերլուծումներու մէջ, կարգ մը մատնանշումներ կատարել: Արդարեւ, եթէ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք համաշխարհային ընտանիքը ապրեցաւ Պաղ պատերազմի տագնապը եւ անոր առթած բոլոր դժուարութիւնները, այսօրուան Սուրիոյ տագնապը դրսեւորումն է համաշխարհային պետութիւններու գոյակցութեան եւ նոր բեւեռացումներու գոյացման երկունքին, զոր այսօր կ՛անցընէ համաշխարհային ընտանիքը, եւ այդ երկունքին ծննդաբերութիւնը սուրիական հողերուն տարածքին է, որ պիտի ըլլայ, ըստ իմ պատկերացումիս:

Այս աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն մէջ ամէնէն մտահոգիչ գործօնն ու երեւոյթը, մեր պրիսմակէն դիտուած, Թուրքիոյ յարաճուն ներկայութիւնն է սուրիական խնդիրին մէջ, եւ առ այդ, պիտի չուզեմ մանրամասնել, թէ ի՛նչ կ՛ընէ կամ կրնայ ընել Թուրքիան: Բոլորս ալ կրնանք համաձայնիլ այն իրողութեան, որ եթէ Թուրքիա յարաճուն ներկայութիւն է, ամէնօրեայ կայք հաստատող պետութիւն է սուրիական այսօրուան իրականութեան մէջ, ի՛նչ կրնայ ընելը իւրաքանչիւր հայորդի իր ամէնէն պարզ մտածումով իսկ կրնայ պատկերացնել եւ կռահել, թէ ի՛նչ է Թուրքիոյ դերակատարութիւնը: Նկատի ունեցէք, որ մեր բոլոր աւանները Թուրքիոյ սահմանամերձ աւաններ են, քաղաքներ են` Պէյրութէն սկսեալ անցնելով Գամիշլի, Ճարապլուս, Արաբ Փունար` հասնելով` Հալէպ, Քեսապ, Ղնեմիէ, Ղննիյէ, Արամօ: Ա՛յս է, որ մեզ կը մտահոգէ, յատկապէս այն պատճառով, որ հայկական ամէնէն մեծ ներկայութիւնը այս սահմանագիծին վրայ երկարած է. Հալէպն ալ անշուշտ առիւծի բաժինն է, որ կը ստանայ իր աշխարհաքաղաքական շատ կարեւոր դիրքին բերումով:

Հետեւաբար, որպէս գաղափար եւ իրականութիւն, մեր մտքերէն երբեք դուրս պէտք չէ բերենք Թուրքիոյ դերակատարութիւնը եւ որեւէ հանգրուանի պէտք չէ հաշուարկէ դուրս հանենք կամ նսեմացնենք անոր ներկայութիւնը սուրիական խնդիրին մէջ: Օրէ օր փաստերով աւելի պարզ կը դառնայ, թէ Թուրքիան ի՛նչ կը փնտռէ, եւ թէ հայկական գործօնին մէջ ի՛նչ դերակատարութիւն ունի: Ես տեսած եմ փաստարկումներ, հետեւած եմ որոշ մանրամասնութիւններու, որոնք կը վկայեն, որ Թուրքիան ողն ու ծուծով հոն է եւ իր սուլթանական մտածողութիւնը ո՛չ միայն արաբական աշխարհին վերապահած է, այլ, վստահ եմ, որ առիւծի բաժինը վերապահած է մեր հայ զանգուածին: Բայց նաեւ մենք` իբրեւ հայ զանգուածներ, մեր առողջ մտածողութեամբ եւ քաղաքական առողջ հոտառութեամբ, վստահ եմ, որ կրնանք գէթ տկարացնել եւ նօսրացնել անոր ազդեցութիւնը:

Այս բոլորին լոյսին տակ համայն սփիւռքն ու Հայաստանը զօրաշարժի ենթարկեց իր կառոյցները, եւ Քանատան ալ, իր կարգին, ինչպէս միշտ, չէր կրնար հանդիսատեսի կարգավիճակին մէջ ըլլալ: Ա՛յս տեսակի ճգնաժամի եւ աղէտալի վիճակ ստացած կացութեան մէջ Քանատան, ինչպէս փաստած է անցեալին, այս անգամ ալ պայծառ մասնակցութիւն բերաւ եւ պիտի բերէ, որպէսզի մենք թեթեւցնենք մեր հայրենակիցներուն ցաւը: Ուստի, ստեղծուեցաւ համադրիչ մարմին, որուն մաս կը կազմեն մեր եկեղեցիները, քաղաքական կուսակցութիւնները, բարեսիրական կազմակերպութիւնները. որոշ ծրագիրներ մշակուեցան այն գծով, թէ հանգանակութիւնը ի՛նչ ձեւով պիտի կատարուի: Մեկնելով քանատական իւրաքանչիւր գաղութի իւրայատկութենէն, ամէն մէկ գաղութ մշակեց իրեն յատուկ հանգանակութեան մարտավարութիւն:

Այն, ինչ որ Թորոնթոն ըրաւ, նոյնը չըրաւ Մոնրէալը, եւ բնական է, որ այդ իւրայատկութիւններէն մեկնած կը բացատրուի ասիկա: Սակայն համատարած երեւոյթ է այն, որ մենք միասնական կամքով այս գործը յառաջ տանելու եւ գլուխ հանելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կանգնած ենք: Հակառակ անոր որ մենք այսօր համադրիչ մարմինի մեր աշխատանքները կեդրոնացուցինք դրամահաւաքի վրայ եւ քանատական CAMAM-ի ճամբով մեր նուիրահաւաքը կատարեցինք, բայց եւ այնպէս Հայաստանեայց եկեղեցին, իր կարգին անսալով Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կոչին, իր խողովակով, իր միջոցներով հանգանակեց, նաեւ Բարեգործական միութիւնը իր միջոցներով դրամահաւաք կատարեց, բայց բոլորն ալ նպատակ ունէին օր առաջ հասնիլ սուրիահայութեան կարիքներուն: Ասոր մէջ մենք դժուարութիւն չտեսանք եւ համախմբուեցանք. այս հովանոցին տակ գործեցին եւ այսօր ալ կը գործեն բոլորը:

Մեզի համար գերխնդիր է նաեւ այդ միասնական շունչը պահել եւ արտայայտել այս նախաձեռնութեան մէջ: Խօսիմ նիւթական փոխանցումներուն մասին, որոնք բազմաթիւ մարդոց մտքերը կ՛անհանգստացնեն: Չեմ գիտեր, ինչի՛ ծնունդ է ատիկա, բայց կ՛ուզեմ հանգստացնել եւ ըսել, որ գէթ մեր նիւթական գործառնութիւններուն մէջ մենք փորձեցինք ըլլալ թափանցիկ: Այդ թափանցիկութիւնը եւ հաշուետուութիւնը մենք մեր ժողովուրդին ներկայացնելու հարկադրանքին տակ ենք, ինչ որ մեր քանատական տարածքին կը վերաբերի, նաեւ մեր միջոցներով կապ հաստատեցինք սուրիահայ մեր գործընկերներուն հետ, որովհետեւ հոն եւս մարմին մը կայ, որ մեզի նման համախումբ եւ համաշունչ կը գործէ մէկ կառոյցի մէջ, խնդրելով, որ իրենք ալ ըլլան թափանցիկ:

Բոլոր հանգանակուած գումարները CAMAM-ի ճամբով, համապատասխան ստացագիրները ստանալէ ետք, հանգրուաններով կը փոխանցուին կաթողիկոսարանի դրամատնային յատուկ հաշիւին, որուն գլխաւոր պատասխանատուն սուրիական մարմինին է: Այդ գումարները կ՛ուղարկուին սուրիական մարմինին, անոնք կը ճշդեն առաջնահերթութիւնները եւ կը կատարեն այդ դրամին յատկացումները: Մամուլով մենք կը ծանօթանանք այդ մանրամասնութիւններուն. ձեզի կը վստահեցնեմ, որ այն կամաւորները, որոնք իրենց առօրեայ հացը ապահովելու խնդիր ունին, ամբողջ ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու մարտահրաւէր ունին: Նմաններ երբեմն այդ իրենց անձնդիր մօտեցումին մէջ կը մոռնան իրենց ընտանիքները, պարագաները եւ իրենց բոլորանուէր մասնակցութիւնը կը բերեն գաղութի կարիքներուն հասնելու աշխատանքին: Մենք յարգանքով կը մօտենանք նմաններուն ի գործ դրած ազնուագոյն ճիգին: Նաեւ կ՛ուզեմ ըսել, որ շատ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին, ճիգերու լարումով մենք յաջողեցանք (թէեւ կազմակերպութիւն չենք) հաստատել կայքէջ մը, որուն ընդմէջէն հանրութեան մեր գործունէութիւնը կը ներկայացնենք, մեր նիւթական գործառնութիւններուն պատկերը կը փոխանցենք: Իւրաքանչիւր քայլափոխի մենք կը փնտռենք մեր աշխատանքին թափանցիկութիւնը, որովհետեւ հաւատացած ենք, որ հաշուետուութենէ անդին` մեր ծառայութիւնը այսօրուան ժամկէտով պիտի չվերջանայ, մենք տակաւին ընելիքներ ունինք եւ ատոր պատրաստութիւնն է, որ կը կատարենք մեր յստակութեամբ, մեր թափանցիկութեամբ:

Ասկէ առաջ մամուլով յայտարարեցինք, որ այդ օրերուն ամբողջ Քանատայի մէջ մենք կրցանք կարճ ժամկէտի մէջ CAMAM-ի ճամբով գոյացնել 135 հազար տոլար, այսօր կու գամ փոխանցելու, որ մենք այսօր այդ թիւը հասցուցած ենք շուրջ 200 հազար տոլարի: Այս շաբաթ, մինչեւ շաբթուան վերջը, ունինք 100 հազարի պատրաստ գումար, որ կու գայ աւելնալու 80 հազար տոլարին վրայ, զոր արդէն փոխանցած ենք, իսկ 100 հազարն ալ շուտով պիտի մտնէ կաթողիկոսարանի դրամատնային հաշիւին մէջ:

Կ՛ուզեմ շեշտել նաեւ այն հանգամանքը, որ Միջին Արեւելքի մէջ նման դրամական գործառնութիւններ դիւրաւ չեն կատարուիր. ի պատիւ մեր պատմական մարմիններու, այդ հարցն ալ շրջանցուեցաւ, եւ մենք յատուկ արտօնութեամբ այդ գումարները առ որ անկ է փոխանցելու կառավարական պետական արտօնութիւն ձեռք ձգած ենք: Այդ մէկը նաեւ` ի պատիւ համայն քանատահայութեան, որովհետեւ այդ մարմինները ծնունդ են այս գաղութին:

Քիչ մըն ալ խօսիմ սուրիահայութեան մարմինին մասին. թէեւ նախատեսուած էր, որ ուղղակի կապ հաստատէինք անոր պատասխանատուներուն հետ, սակայն, ինչպէս գիտէք, Սուրիոյ մէջ համացանցային եւ հաղորդակցութեան կապերու ոչ բնականոն վիճակին պատճառով այդ մէկը կարելի չեղաւ: Կրցանք հեռաձայնային կապ մը հաստատել, եւ ես պարտք կը զգամ սուրիահայ բոլոր զանգուածներուն անունով շնորհակալական խօսք ուղղել բոլորիդ. սուրիահայութիւնը ինքզինք ամուր կը զգայ իր թիկունքով, սուրիահայութիւնը երախտապարտ է, որ ունի գիտակից զանգուած, որ գիտէ արժեւորել իր լուման. մենք խաբկանքը չունինք կարծելու, թէ այդ լումայով հրաշագործութիւն կը կատարենք, սակայն մենք մեր մասնակցութիւնը պիտի բերենք անպայման:

Մենք եկած ենք մեր բարոյական եւ նիւթական մասնակցութեամբ հասկցնելու, որ սուրիահայութեան թիկունքը ամուր է, սուրիահայը ինքզինք առանձին պիտի չզգայ, մեր ըրածը միայն այս պատգամը փոխանցելն է, նոյնը լաւապէս կ՛ընկալեն նաեւ սուրիահայերը: Հրաշքներ չէ, որ կը գործենք. այսօրուան դրութեամբ տիրող այս աղէտալի վիճակը, այս փլուզումը, զոր կը տեսնենք մամուլով, պատկերասփիւռով, համացանցային բոլոր միջոցներով, պարզ մեր մասնակցութիւններով, մեր նիւթականով լուծուելիք խնդիրներ չեն. պետական մակարդակով, հսկայական գումարներով լուծուելիք հարցեր են, ինչ որ մեր ուժերէն շատ վեր է, բայց մենք հաստատ կը մնանք մեր այն կեցուածքին վրայ, որ երբեք եւ երբեք պիտի չզլանանք մեր մասնակցութիւնը բերելու սուրիահայութեան օժանդակութեան:

Կ՛ուզեմ ձեզի ներկայացնել մարմինին կողմէ ինծի փոխանցուած պատկեր մը, որ նաեւ խօսուն է հոն տիրող կացութեան տարողութեան եւ թուային տուեալներու գծով: Այս տուեալները դեկտեմբեր 2012-ի կէսերուն փոխանցուած են ինծի, թերեւս որոշ փոփոխութիւններ արձանագրուած են, սակայն ասիկա հիմնական պատկերացում մը կու տայ կացութեան մասին: Ուրեմն, ցարդ արձանագրուած վիրաւորներուն թիւը 75 է. իրենց սահմանումով վիրաւոր են անոնք, որոնք արժանացած են հիւանդանոցային խնամքի, մեծ կամ փոքր վիրահատութեան ենթարկուած են` արձակազէնի փամփուշտէն կամ ռումբի մը բեկորէն վնասուելով: Վիրաւորներուն մեծամասնութիւնը իր բնականոն կեանքին վերադարձած է, տակաւին կան քանի մը ծանր պարագաներ, որոնք հիւանդանոցային խնամքի կը կարօտին: Զոհուածներուն թիւը 31 է, իսկ նահատակներունը` 10. նահատակ կը նկատուին բանակին ծառայողները կամ բանակին կողքին կռուողները. անյայտ կորած երեք պարագայ կայ, երկուքը` բանակի պարտադիր ծառայողներ:

Առեւանգուածները 30 հոգի են, գրեթէ բոլորը ազատ արձակուած են, ընդհանրապէս` փրկագինով, որ կը տարուբերի 2 հազարէն մինչեւ 50 հազար տոլարի միջեւ, քիչեր ազատ արձակուած են միայն հարցաքննուելէ ետք, մինչեւ օրս երեք հայորդիներ, որոնք Լիբանանէն Հալէպ վերադարձած ատեն առեւանգուած են, կը մնան առեւանգողներուն մօտ: Պատահած են պարագաներ, որոնց մասին մարմինը տեղեակ չէ պահուած: 220 բնակարան վնասուած է. վնասները կը տարուբերին, երբեմն ամբողջ կառոյցը քանդուած է (քիչ են թիւով), կան կիսաքանդ շէնքեր եւ մեծ մասամբ թեթեւ վնասներ կրած բնակարաններ` դուռ պատուհան, տանիք եւայլն: Շատ մը գործատեղեր` շուրջ 450 հատ, վնասուած են, եւ մեծ թիւով հայ գործարարներու գործատեղեր հրկիզուած են եւ կամ կողոպտուած են ամբողջութեամբ: Ինչ կը վերաբերի ազգապատկան կալուածներուն, ըսենք, որ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ պատկերը գրեթէ բոլոր հայորդիներուն մտքերուն մէջ տակաւին թարմ է, մեծ վնաս կրած է, հայ ծերանոցը մասնակին վնասուած է, բայց այժմ կը գտնուի շատ մտահոգիչ վիճակի մէջ, որովհետեւ ռազմական գործողութիւններու ուղղակի թատերաբեմն է` Պոստան փաշայի շրջանին մէջ: Հալէպի թերաճներու կեդրոնը` նոյն ծերանոցին մէջ գործող, անոր ճակատագիրին ենթարկուած կառոյց է: Կեդրոնին փոխադրակառքը անհետացած է, գողցուած է: Նորակառոյց պատսպարանը լրջօրէն վնասուած է, Ազգային առաջնորդարանը թեթեւօրէն վնասուած է, ազգապատկան Նոր Գիւղի շէնքերը որոշ վնասներու ենթարկուած են, ինչպէս` «Սիս»-ը, «Օշական»-ը եւ «Կիլիկիա»-ն:

Հալէպահայը իր օրապահիկը ապահովելու մղձաւանջին մէջ է այսօր: Այս պատճառով ալ կը դիմէ տարբեր միջոցներու` քարէն հաց հանելու համար: Ասիկա հայու նկարագիր է, այս անկոտրում կամքն է, որ մեզի յոյս կը ներշնչէ այս գծով, որ մեր ըրածները ի դերեւ չեն կրնար ելլել: Մեր գրաւը դրած ենք շատ հիմնական երեւոյթի մը վրայ, որ հալէպահայու նկարագիրին մաս կը կազմէ . հալէպահայութիւնը ինքզինք վերանորոգելու, ինքզինք վերակերտելու ունակութիւն ունեցող գաղութ է: Այսօր այդ գաղութը հաստատակամ վճռակամութեամբ իր կեանքը շարունակելու խնդիր ունի, եւ մենք այդ գաղութը կենսագործ եւ ամուր պահելու վճռակամութիւնը ունինք:

Share this Article
CATEGORIES