Երիտասարդական Պրիսմակ. Թուրք Եղբայրս

ԱՅԲ

Թուրք եղբայրս տունս եկաւ, գրկաբաց ընդունեցի զայն, շինեցի իր պալատները, տուներն ու մզկիթները, նիւթականովս շինեցի անոր դրամատուները` ազգերու եղբայրութեան կարգախօսէն մղուած, օգնեցի թուրք եղբօրս, տապալեցի բռնապետ սուլթանը եւ դարձայ նոր Թուրքիան ղեկավարող երիտասարդ թուրքին դաշնակից եղբայրը, զէնքերս յանձնեցի անոր, վիզս ա՜լ տուի…

Եղբայրութեան սերտ յարաբերութեամբ քալեցի եղբօրս հետ դէպի Տէր Զօր, նոյնիսկ կեանքիս ու արեանս գնով, ի սէր եղբայրութեան թաղուեցայ անապատի «ջերմ» հողերուն տակ…

Մուսթաֆա Քեմալը նոյնիսկ այպանեց անոնք, որոնք պատճառ դարձան զոհերուս, եւ եղբայրական հաստատ քայլերով, երբ նորէն եկաւ տունս, ես իբրեւ մեծ եղբայր` նորէն տուի իրեն տունս, տեղս, հողս եւ վիզս…

Թուրք եղբօրս համար պարպեցի Կոստանդնուպոլիսը, տուի գործս, խանութս. ինք եւս պիտի ուտէ, մարդ է, պիտի ապրի, չէ՞…

Թուրք եղբայրս ալ կ՛ընդունի, որ ինծի նկատմամբ գործուած են «դժբախտ եւ տխուր արարքներ», ես աւելին կը սպասէի, բայց ինչպէս բոլոր եղբայրներու պարագային, մեր միջեւ ալ տեսակէտի տարբերութիւն կայ…

Թուրք եղբօրմէս ուզեցի, որ վերադարձնէ տունս ու տեղս, չընդունեց, հարց չէ. ամէն ընտանիքի մէջ ժառանգի հարց կայ, մտածելակերպի տարբերութիւն, գոնէ կ՛արտօնէ ինծի այցելել եւ զուարճանալ, բաց գիրկով կ՛ընդունի զիս..

Հրանդը մեռաւ… Աստուած հոգին լուսաւորէ… Թուրք եղբայրս նեղուեցաւ, նոյնիսկ արցունք թափեց… մինչեւ իսկ միջազգային բեմերէն յայտարարեց իր «խորունկ վիշտը»` «դժբախտ դէպքին» առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ քննադատեց արարքը եւ դատապարտեց զայն: Թուրք եղբայրս փողոց իջաւ, ըսաւ` «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս կեա… կը ներէք հայ ենք»: Դժբախտաբար, ինչպէս ամէն երկրի մէջ կ՛ըլլայ, եղբայրս չկրցաւ դատապարտել յանցագործը… Հարց չէ, դատապարտեց արարքը, չի՞ բաւեր…

Ա՜խ Սամաթիա, մէկ անգամ դատապարտեց եղբայրս, երկրորդ անգամ ալ դատապարտեց, երրորդին ալ դատապարտեց, չորրորդին ալ… Չյոգնեցա՞ւ եղբայրս դատապարտելէ: Այո՛, եղբայրս չի կրնար որեւէ հակահայ արարք արտօնել առանց զայն դատապարտելու:

Թուրք եղբօրս սիրտը, մարդկային զգացումները անզուգական են: Պաղեստինցիներուն, եգիպտացիներուն եւ սուրիացիներուն տուած եղբօրս մարդասիրական օգնութիւնները արդէն իսկ կը փաստեն այդ իրականութիւնը: Ճիշդ է, որ Իսրայէլի հետ կնքած ռազմավարական դաշինքները մարդոց կեանքին պատճառ կ՛ըլլան, եւ իր մարդասիրական միջամտութեան պատճառով արդէն իսկ հայեր զոհեր տուած ու տուներնին, ինչքերնին ձգելով` հեռացած են Սուրիայէն, բայց հարց չէ, դարեր շարունակ եղբայրական սովորութիւն դարձած է այս մէկը մեր միջեւ. վստահ եմ, որ վաղը կ՛արտօնէ, որ երթանք ու տեսնենք այդ տուներն ալ, վերջ ի վերջոյ եղբայր ենք…

Ժողովրդավարութեան հանդէպ թուրք եղբօրս ունեցած սէրը ոչ ոք ունի, տեղական իր քաղաքականութեան ընթացքին ամէն երկրի ցուցմունքներ կու տայ` արմատացնելու ժողովրդավարութիւնը, հարց չէ, թէ այդ քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք` հայեր լուսանցքայնանան, փոքրիկ դժբախտութիւն մըն է ատիկա` բաղդատած մեծագոյն բարիքին…

Թուրք եղբայրս նոյնիսկ իմ յիշատակս վառ կը պահէ իմ բացակայութեանս ընթացքին… Գիտէք, որ ժամանակի ընթացքին եկեղեցիներ, խաչքարեր, գերեզմանատուներ կը փտին, կը փլին… Թուրք եղբայրս իմ մշակութային ժառանգութիւնս պահպանելու համար կը հաւաքէ, կը քակէ այդ քարերը եւ հպարտութեամբ կը զետեղէ իր տան մէջ, իր պատերուն վրայ, իր աստիճաններուն տակ… Իսկ ե՞ս, փոխան ճիտիս պարտքի յարգանքի տուրքս կը մատուցեմ եղբօրս` իր մշակոյթը քաջալերելով, արտադրութիւնները քաջալերելով… Վերջ ի վերջոյ եղբօրս շահը իմ շահս է, այդպէս չէ՞…

Ա՜խ եղբայրս, այս ի՞նչ զրպարտութիւններ կ՛ուղղեն քեզի իմ ծայրայեղ ու ազգայնամոլ հայ ազգակիցներս… Մարդկութենէ չե՞ն հասկնար, մարդասիրութեան մասին չե՞ն լսած, միջազգայնացումէ տեղեակ չե՞ն… Այս ի՞նչ հին, մաշած ու ապարդիւն գաղափարաբանութիւններ կը տարածեն… Սիրոյ փոխարէն` ատելութիւն կը քարոզեն… Հարց չէ, եղբա՛յրս, ականջ մի՛ կախեր, վաղը կը յիշեն. կը յիշե՞ս դուն, վստահաբար կը յիշես, երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմին հայերուն դէմ սպանութիւններու լուրեր տարածուեցան, Թուրքիոյ երեսփոխան, հայ ազգային դէմք, մտաւորական, հրապարակագիր Գրիգոր Զօհրապ պատասխանեց, որ Թալէաթը եղբայրս է, չի սպաններ զիս…

Արդեօք ի՞նչ եղաւ իրեն, թո՛ւրք եղբայր… Թերեւս եթէ ողջ ըլլար այսօր կը յիշեցնէր այս ծայրայեղականներուն, թէ հայերու սպանութիւնները դատապարտողը, բոլորս Հրանդ ենք ըսողը, Ցեղասպանութիւն ընդունող թուրք քաղաքացին Գրիգոր Զօհրապը «չսպաննող» եղբօրը` Թալէաթին նման, մեր թուրք եղբայրն է…

Այդպէս չէ՞…

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES