Այնճարի Մէջ. Վարդանանց, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պայքարի Տօնախմբութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին, հինգշաբթի, 7 փետրուար 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Այնճարի Հայ կաթողիկէ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախեան պայքարի տօնախմբութիւնը` ներկայութեամբ Այնճարի հոգեւոր պետերուն, վարժարաններու տնօրէնութիւններուն եւ ուսուցչակազմերուն, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, քաղաքապետութեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամներուն եւ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին:

Քայլերգներու յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք, քարոզչական մարմինին անունով իր խօսքը արտասանեց Կարօ Փիլաւճեան, որ յետադարձ ակնարկով հայոց անցեալի էջերուն մէջ փորագրուած սխրանքներն ու քաջագործութիւնները ներկայացնելէ ետք ըսաւ, թէ Վարդանանց պատգամը  հայ մնալու եւ ազգային ինքնութիւնը պահպանելու հայ ժողովուրդին պայքարն ու մարտահրաւէրն է ընդդէմ ժամանակին, իսկ Փետրուարեան ապստամբութիւնն ու Արցախեան գոյապայքարը` նորօրեայ հերոսապատումն են Վարդանի թոռներուն, հայու կամքին եւ յաղթանակի բացարձակ գրաւականին:

 

Կարօ Փիլաւճեան

Տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան

Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան

 

 

 

 

 

 

 

Օրուան բանախօսներէն վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան վեր առաւ Վարդանանց ճակատամարտի յաղթանակի բաղադրութիւնը` զայն  ամփոփելով հիմնական երեք կէտերու մէջ: Ան նախ ըսաւ, թէ այդ ճակատամարտը իսկական օրինակ մըն է պայքարի, ուր համեմատաբար տկար ազգ մը դէմ կը դնէ ուժեղին ու յաղթական դուրս կու գայ: Այս ոգիին հայոց պատմութեան մէջ կը հանդիպինք տարբեր ժամանակաշրջաններու` անցնելով Մուսա լեռէն հասնելով Արցախեան պայքար: Ապա ան այս շարժումը որակեց իբրեւ եկեղեցւոյ եւ բանակի միաձուլման իւրայատուկ հանգրուան, ուր ազգ եւ եկեղեցի նոյն խրամատին մէջ կը պայքարին ընդդէմ հզօր թշնամւոյն: Եւ վերջապէս, Վարդանանք իրենց նահատակութեամբ մեր ժողովուրդին կտակեցին հաւատքի, անձնազոհութեան, քաջութեան եւ միասնակամութեան արժէքները, զորս ցարդ մեր ուսերուն կրած կը գոյատեւենք սփիւռքի մէջ թէ այլուր:

Ապա տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան իր խօսքը  սկսաւ քաղաքական չակերտեալ «ազատագրում»-ի հասկացողութեան վրայ կեդրոնանալով, ուր զարգացած պետութիւններ քաղաքական եւ տնտեսական թաքուն նպատակներ հետապնդելով կեղծ ազատութեան հիւանդութեամբ մը վարակած են յատկապէս Միջին Արեւելքը:

Ան ըսաւ, թէ պատմութիւն գիտնալը շատ կարեւոր է, սակայն պէտք է  տեսնել այնտեղ գոյութիւն ունեցող սեւն ու սպիտակը եւ զանազանել հզօրն ու անզօրը: Ան աւելցուց ըսելով, որ մեր պատմութեան ողբերգութիւնը դարեր շարունակ կրծած է մեր կեանքը: Սակայն, մենք միշտ ապացուցած ենք, որ հայ ժողովուրդը դատապարտուած է ոչ թէ մեռնելու, այլ` ապրելու եւ գոյութիւն ունենալու իբրեւ ազգ, իբրեւ ժողովուրդ եւ դիմանալու պատմութեան բոլոր երկրաշարժներուն եւ փոթորիկներուն: Այսպէս հերոս ապրած եւ խիզախութիւն փոխանցած են մեզի մեր նախնիները, Վարդանանց կտրիճները, անվախ ֆետայիները եւ արցախեան ազատամարտիկները: Սասնոյ Լեռներուն մէջ, Մուսա լերան բարձունքներուն վրայ, Քարին Տակէն դէպի Շուշի ճամբուն վրայ ինկած են անոնք, որպէսզի ազատ եւ ապահով ապրի հայ ժողովուրդը:

Տոքթ. Այնթապլեան իր խօսքը շարունակեց անդրադառնալով Փետրուարեան ապստամբութեան հաւաքական դիմադրութեան: 1920 թուականին հայրենիքի ու ժողովուրդի փրկութեան սիրոյն Դաշնակցութիւնը երկրին իշխանութիւնը պոլշեւիկներուն յանձնած որոշած էր դուրս գալ երկրէն, սակայն, երբ ղեկավարութիւն չկայ` կա՛յ ժողովուրդը: Պոլշեւիկները համատարած ջարդին ու սպանդին դէմ դարձեալ գտան հաւաքական ապստամբութիւն: Այս երեւոյթն էր, որ ժառանգած էր հայը Վարդաններէն:

Եզրափակելով իր խօսքը` տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան ըսաւ. «Պէտք  է արագ փակենք ազգային նահանջի ճամբան ու աւարայրեան, արցախեան ու Մուսա լերան պատգամով հաւաքական ուժին ապաւինելով նահանջի փոխարէն յառաջընթացի մը սկսինք, ազգային յառաջընթաց մը դէպի անկախ, միացեալ, հզօր ու հաւաքական հայ ժողովուրդ»:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը` հետեւեալ հերթականութեամբ:

Այնճարի Հայ քոյրերու Անարատ յղութեան վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին Վարդանանց երգեր, ասմունք եւ կենդանի պատկեր` «Վարդանանք» Ժագ Ս. Յակոբեան, ղեկավարութեամբ` հալէպահայ ուսուցիչ Նայիրի Հապէշեանի:

Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտ մը ասմունքեց Եղիշէ Չարենցի «Ամբոխները խելագարուած» քերթուածը:

Այնճարի Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» երկրորդական վարժարանի աշակերտներ ներկայացուցին պար` «Ծաղկաձոր», «Քերծի» եւ «Շատախի մարտական», ղեկավարութեամբ` հայաստանցի պարուսոյց Սարգիս Պարսամեանի:

Ձեռնարկի փակումը կատարուեցաւ պահպանիչով:

 

Share this Article
CATEGORIES