Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութիւն. Վարդանանց Ուխտի Եւ Հաւատքի Վերանորոգման Նպաստող Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան, հինգշաբթի, 7 փետրուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, եղբայրակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւն` ներկայութեամբ մեծաթիւ հաւատացեալներու:

Հանդիսութիւնը սկսաւ «Տէրունական աղօթք»-ով եւ եղբայրակցութեան քայլերգով: Տօնակատարութեան բացման խօսքը արտասանեց Հրայր Ինճէեան, որ նշեց, թէ պէտք է շարունակել հաւատարիմ մնալ Վարդանանց նահատակներու ուղիին:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեան, որ ըսաւ, թէ հաւատքը առանց համապատասխան զոհողութեան կը կորսնցնէ իր իմաստն ու արժէքը: Հայր սուրբը հաստատեց, որ այսօր պատերազմը կը շարունակուի եւ թշնամին կը յաղթէ, երբ պակսի Վարդանանց հերոսներուն հաւատքն ու կամքը: Ան շեշտեց, որ Վարդանանց նահատակները կը գիտակցէին, որ իրենց մահով ուրիշներ պիտի ապրին եւ շարունակեն ճամբան:

Վարդանանց սոյն տօնակատարութեան ընթացքին նաեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` խմբային երգեցողութիւններ, մեներգներ` Յարութիւն Գալողլեան եւ Արա Կարէեան, ասմունք` Նազարէթ Երէցեան, Մարիա Գիզիրեան եւ Արտեմիս Թորոսեան, ջութակով նուագ` Խաժակ Խաչատուրեան, որոնք էապէս արժեւորեցին Վարդանանց խորհուրդը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ պահպանիչով:

 

Share this Article
CATEGORIES