Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Շաքարախտը Եւ Անոր Ժխտական Ազդեցութիւնը Մարմնի Տարբեր Օրկաններուն Վրայ» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 6 փետրուար 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Շաքարախտը եւ անոր ժխտական ազդեցութիւնը մարմնի տարբեր օրկաններուն վրայ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց շաքարախտի եւ գեղձերու մասնագէտ տոքթ. Սերժ Տուլեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց շաքարախտի ախտանշանները` ծարաւը, յաճախ միզելը, նիհարնալը եւ այլն, որոնք կը ստեղծեն ահազանգային կացութիւն: Արեան քննութեամբ ախտորոշելէ ետք շաքարախտի առկայութիւնը ենթակային մօտ, մասնագէտ բժիշկի ներկայանալը անհրաժեշտ կը դառնայ` կանխարգիլելու համար տարբեր առողջապահական բարդութիւններ:

Տոքթ. Սերժ Տուլեան դասախօսութեան սկսաւ սահմանելով շաքարախտի տարբեր տեսակները, ինչպէս նաեւ էնսիւլին  հորմոնի կարեւոր դերը մարմնի շաքարի նիւթափոխութեան մէջ: Ան ահազանգ հնչեցուց շաքարախտաւորներու թիւի ահռելի աճման գծով, համաշխարհային տուեալներու համաձայն:

Բժիշկը թուեց երկրորդ տեսակի շաքարախտի փոփոխելի եւ անփոփոխելի վտանգի ազդակները` շեշտը դնելով մանաւանդ գիրութեան վտանգին վրայ: Ապա ան խօսեցաւ շաքարախտի ախտանշաններուն մասին եւ խնդրեց ներկաներէն ուշադրութեամբ հետեւիլ իրենց անձին ու շրջապատին, եւ եթէ կ՛ունենան շաքարախտի յատուկ ախտանշանները, անպայման դիմեն մասնագէտ բժիշկի:

Դասախօսութեան յաջորդ բաժինով բժիշկը թուեց շաքարախտի հետեւանքները` շեշտելով կանուխ ախտաճանաչման կարեւորութիւնը: Տոքթ. Տուլեան խօսեցաւ յղութեան շրջանին շաքարախտի հետեւանքներուն մասին` խնդրելով, որ յղի կիները անխտիր շաքարախտի քննութիւն կատարեն, յղութեան 24-28-րդ շաբաթներուն ընթացքին:

Անցնելով շաքարախտի ախտաճանաչման` բժիշկը ներկայացուց համաշխարհային ներկայ չափանիշերը` ընդգծելով հիւանդութիւնը ախտաճանաչելու չափազանց կարեւորութիւնը նախաշաքարախտի հանգրուանին ընթացքին:

Տոքթ. Սերժ Տուլեան խօսեցաւ նաեւ շաքարախտի կանխարգիլման միջոցներուն մասին` ընդգծելով սննդականոնի եւ մարզանքի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կարգ մը դեղերու գործածութեան առաւելութիւնը` միեւնոյն ատեն գիրութեան եւ  շաքարախտի դէմ պայքարելու:

Աւարտին դասախօսը մանրամասն բացատրութիւններով ու օրինակներով պատասխանեց ներկաներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES