Հովանաւորութեամբ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքին «Հիւմանիթաս» Միութեան Գործունէութեան Եւ Կայքէջի Մեկնարկի Յայտարարութիւն
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, Տըպպայէի «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ «Հիւմանիթաս» միութիւնը սարքեց ընթրիք մը` իր գործունէութեան մեկնարկը յայտարարելու համար:
Երեկոյին ընթացքին խօսքեր արտասանեցին միութեան քարտուղար Մարի Չուխատարեան եւ տոքթ. Կոստան Եափուճեան, որոնք անդրադարձան միութեան հետեւեալ նպատակներուն: Ա.- Առողջապահական որակաւոր խնամք ապահովել բոլոր անհատներուն եւ ընտանիքներուն, Բ.- Կրթական, ընկերային եւ բարգաւաճման մարզերուն մէջ աջակցութիւն ապահովել, Գ.- Դաստիարակչական աշխատանք ծաւալել համագումարներու եւ դասախօսութիւններու ընդմէջէն, Դ.- Մանուկներուն եւ յատուկ կարիքներու տէրերուն հոգատարութիւն ընծայել, Ե.- Կարիքաւորներու հետ աշխատանքին գծով ստեղծել ազգային գործընկերութիւն` անոնց օգնելու համար աղքատութեան վիճակէն ինքնաբաւութեան անցնելու:
Երեկոյին ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ վաւերագրական ժապաւէն մը` յատուկ կարիքներ ունեցող մանուկներուն յատուկ միութեան կազմակերպած վարժողական ծրագիրին մասին:
Այնուհետեւ տոքթ. Էտկար Հատտատ բժշկագիտական զեկուցում ներկայացուց եւ կատարուեցաւ միութեան յատուկ կայքէջի` www.humanitas.org.lb-ի մեկնարկի յայտարարութիւնը:

