Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Լիբանանեան Բանակ` 87-59

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 8 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Լիբանանեան բանակը:

Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ դարձի առաջին հանգրուանին տեղի ունենալիք «Էօ. Էն. Պէ.» – ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար երեքշաբթի, 5 փետրուարին, յետաձգուեցաւ:

Ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումին, անիկա աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 87-59 արդիւնքով:

Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 24-19, 16-12, 25-22 եւ 22-6:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )