Սրբոց Վարդանանց Տօնը` Նորաշէնի Մէջ. «Հայկական Բանակը Առաջին Քրիստոնեայ Բանակն Էր, Որ Հաւատքի Համար Պայքար Մղեց» Շեշտեց Գեղամ Արք. Խաչերեան
Հինգշաբթի, 7 փետրուար 2013-ին, Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Պատարագեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան նկատել տուաւ, որ Ս. Վարդանանց տօնին առիթով ամէն տարի ազգային-հոգեւոր անհրաժեշտ սնունդի պէս մեր առջեւ կը բացուին յիշատակարանները` հայոց պատմութեան ամէնէն գեղեցիկ եւ ամէնէն պայծառ հանգրուաններէն մէկուն: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց Վարդանանց ճակատամարտի ժամանակաշրջանին վրայ: Սրբազանը հաստատեց, որ հայ ժողովուրդի անմահութեան ոսկեղէն նշանաբանը «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է» դարեր շարունակ կարդացուեցաւ պատմութեան մէջ:
«Մենք ամէն տարի կ՛անդրադառնանք Վարդանանց եւ կը հաղորդուինք մեր ժողովուրդի պատմական «Ո՛չ»-ով. հայ ժողովուրդը համարձակեցաւ «Ո՛չ» ըսել… մենք քրիստոնեայ առաջին բանակն ենք, որ հաւատքի համար պայքար մղեց…», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ ազգային դաստիարակութիւնը միշտ արթուն պահեց մեր գոյապայքարը: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց ներկաներուն Վարդանանց ոգիով վերաթարմանալու, վերալիցքաւորուելու եւ ընդառաջելու հայկական քրիստոնէական մեր ազգային պարտականութեան ու ոչ մէկ ձեւով շեղելու այդ գործէն: Աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Յովիկ Պիլեմճեան: Ան նկատել տուաւ, որ իրենց առաքելութիւնը շարունակելու մղիչ ուժը ներկայ ազգայիններն էին: Պիլեմճեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց թաղականութեան կատարած մէկ տարուան գործունէութիւնը` շեշտելով, որ երկար տարիներու ընդմիջումէ ետք առաջին անգամ ըլլալով հնչեց եկեղեցւոյ զանգը, որ անցեալ շաբաթ զետեղուած էր եկեղեցւոյ տանիքը:
Այնուհետեւ Սեդօ եւ Շաքէ Պաղտասարեաններ ճոխացուցին մթնոլորտը:
Սիրոյ սեղանին իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան նկատել տուաւ, որ «նման հաւաքներ մեզի ամբողջ տարի մը աշխատանքը շարունակելու համար անհրաժեշտ ուժերու հաւաքում է»: Ան գնահատեց բոլոր սիրայօժար աշխատողները, որոնք ուրախութեամբ կը կատարեն իրենց գործը եւ ուրախութիւն կու տան ժողովուրդին:
Սրբազանը յայտնեց, որ թաղական խորհուրդը ուզած է գնահատել եկեղեցւոյ երկարամեայ դպրապետ Սարգիս Քոչիքեանը, առ այդ Խաչիկ քհնյ. Միսիրեան կարդաց օրհնութեան գիրը, որ ապա յանձնուեցաւ Քոչիքեանի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

