Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Անթիլիասի Մէջ. «Հաւատարմութիւն Քրիստոնէական Հաւատքին Ու Հայրենիքին` Ա՛յս Է Վարդանանց Պատգամը» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Հինգշաբթի, 7 փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ` ի յիշատակ Վարդանանց քաջամարտիկ նահատակներուն: Պատարագը մատուցեց Վաղինակ Ծ. վրդ. Մելոյեան: Պատարագիչ հայր սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Վարդանանց խորհուրդին եւ իր մտածումները հետեւեալ չորս կէտերուն մէջ ամփոփեց. «Ա.- Տեսիլք ունեցող մարդը միայն կրնայ պայքարիլ, եւ Վարդանանք ունէին տեսիլք: Բ.- Վարդանանց պատերազմը հաւատքի ու հայրենիքի համար մղուած պայքար էր, եւ ուստի` գոյապայքար: Գ.- Վարդանանց պայքարը հայ ժողովուրդի որոշ խաւին պայքարը չէր միայն, այլ` պայքարն էր համայն հայ ազգին: Դ.- Վարդանանք նախընտրեցին ծառացումի ճամբան, քան` ծառայութեան ճամբան»:
Պատարագէն ետք միաբան հայրերը, դպրեվանքի սաներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը, թափօր կազմած ուղղուեցան վեհարանի դահլիճ, ուր Արամ Ա. կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ Վարդանանց յիշատակին նուիրուած տօնակատարութիւն: Դպրեվանքի սաներն ու ներկաները` գլխաւորութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի, երգեցին Վարդանանց նուիրուած երգեր: Դպրեվանքի սաներէն մի քանին Վարդանանց նուիրուած բանաստեղծութիւններ ասմունքեցին:
Ապա, վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն: Վեհափառը նախ եւ առաջ մատնանշեց, որ «այսօր Վարդանանց քաջամարտիկներուն պատգամը ուղղուած մեզմէ իւրաքանչիւրին հաւատարմութիւնն է: Վարդանանք հաւատարմութեան ոգիով էր, որ դէմ դրին Յազկերտի հազարներ հաշուող բանակներուն դէմ, որովհետեւ ունէին գիտակցութիւնը հաւատարմութեան` իրենց քրիստոնէական հաւատքին ու հայ ազգի պատկանելիութեան նկատմամբ: Եւ առ այդ, այսօր Վարդանանք մեզի կը պատգամեն հաւատարի՛մ ըլլալ քրիստոնէական մեր հաւատքին ու արժէքներուն նկատմամբ: Հաւատարի՛մ ըլլալ մեր ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ: Հաւատարի՛մ ըլլալ մեր սկզբունքներուն ու աւանդութիւններուն»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Այսօր եւս Վարդանանց ճակատամարտ է` ի Հայաստան, յԱրցախ եւ սփիւռս աշխարհի: Այսօրուան պայքարը աւելի ահեղ է անցեալի պայքարներէն: Այսօր իբրեւ ազգ կը գտնուինք համաշխարհայնացումի վտանգին դիմաց եւ պէտք է միջոցներ գտնենք կարելի եղածին չափ զերծ մնալու համաշխարհայնացումի պատճառած վնասներէն: Եւ լաւագոյն միջոցը` հաւատարմութի՛ւնն է: Հաւատարմութիւն անցեալէն եկող արժէքներուն ու սկզբունքներուն»:
Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` վերանորոգ հաւատքով հաւատարիմ մնալու Վարդանանց փոխանցած ոգիին ու նուիրուածութեան:
Վեհափառ հայրապետին պատգամէն ետք, դպրեվանքի սաները երգեցին վեհափառ հօր նուիրուած մաղթերգը: Եւ ներկաները մօտենալով վեհափառ հօր ստացան անոր օրհնութիւնները:

