Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ անցնող երկու օրերուն մարտերը կեդրոնացան Դամասկոսի արեւելեան շրջաններուն մէջ:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաստատէ, որ սուրիական բանակի միաւորներ իրականացուցին շարք մը գործողութիւններ Տումայի, Հարասթայի, Տարէայի եւ մայրաքաղաքի արեւելեան արուարձաններու այլ շրջաններուն մէջ, ուր կործանեցին ընդդիմադիր զինեալներու կեդրոններ եւ գրաւեցին զինամթերք: Զինուորական օդանաւեր կը հարուածեն նշեալ շրջանները:
Կը լսուին սուրիական բանակի թնդանօթներու հարուածներու ձայները Ժոպարէն դէպի Ապպասիին հրապարակ (մայրաքաղաքի կարեւոր մուտքերէն) հասնող գիծին վրայ:
Քանի մը հրասանդի ռումբեր ինկան Ապպասիինի շրջանին մէջ` պատճառելով նիւթական վնասներ: Պէտք է նշել, որ Ժոպարի եւ Ապպասիին հրապարակի շրջակայ բնակիչները տեղափոխուեցան դէպի աւելի ապահով շրջաններ:

