Շուքրի Պելիտի Յուղարկաւորութիւնը. Թունուզեան Քաղաքներուն Մէջ Բազմահազար Հաւաքներ Եւ Բախումներ

Սպաննուած ընդդիմադիր գործիչ Շուքրի Պելիտի յուղարկաւորութենէն առաջ տասնեակ հազարաւոր սգաւորներ հաւաքուեցան մայրաքաղաք Թունուզի  մէջ: Անոնք երկրին իշխող իսլամական Նահտա կուսակցութեան ղեկավարութեամբ կառավարութիւնը ամբաստանեցին Պելիտի սպանութեան յանցանքով:

Անոնք հետագային հետեւեցան Պելիտի դագաղին, որ զինուորական ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ գերեզման: Յուղարկաւորութենէն ետք, գերեզմանատան առջեւ սգաւորներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ տեղի ունեցան: Բախումներ տեղի ունեցան նաեւ Քաֆսայի մէջ, ուր ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազեր օգտագործեց: Ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բուռն բախումներ արձանագրուեցան նաեւ Նապել քաղաքին մէջ:

Ամբողջ երկրին մէջ գործադուլ գործադրուեցաւ եւ փոխադրամիջոցները կանգ առին, ինչպէս նաեւ Թունիս-Քարթաժ օդակայանէն բազմաթիւ թռիչքներ ջնջուեցան: Ասիկա 35 տարիէ ի վեր երկրին մէջ առաջին ընդհանուր գործադուլն էր:

Մինչ այդ, 50 երեսփոխաններ խորհրդարանին իրենց անդամակցութիւնը սառեցուցին:

 

Share this Article
CATEGORIES