«Վստահ Ենք, Որ Սուրիոյ Վարչակարգը Դրական Կերպով Պիտի Ընկալէ Խաթիպի Նախաձեռնութիւնը» Կ՛ըսէ Սալեհի
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Իրան կատարելապէս վստահ է, որ սուրիական վարչակարգը դրական կերպով պիտի ընկալէ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպի նախաձեռնութիւնը»:
Ան շեշտեց, որ «մենք վստահ ենք, որ նախագահ Պաշշար Ասատ պիտի ընդառաջէ այն նախաձեռնութեան, որ Մաազ Խաթիպ կիրակի օրը ճշդած է իբրեւ վերջին պայմանաժամ»` նշելով, որ Իրան Միւնիխի խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ Խաթիպի հետ հանդիպումին ընթացքին վերջինիս քաջալերած է սուրիական կառավարութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու, «եւ Իրան լիովին պատրաստ է սուրիական ընդդիմութեան եւ կառավարութեան միջեւ երկխօսութեան աջակցելու` մեկնելով իր այն համոզումէն, թէ երկխօսութիւնը սուրիական տագնապի լուծման միակ ուղին է»:
Սակայն Ազգային համաձայնական մարմինի անդամ եւ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Ժորժ Սապրա սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ Խաթիպի նախաձեռնութիւնը անոր անձնական տեսակէտն է, «մենք ատոր կ՛ընդդիմանանք եւ զայն կը մերժենք, որովհետեւ կը հակասէ այն ուխտին, որուն հիմամբ հաստատուեցաւ համաձայնական մարմինը եւ կը մերժէ վարչակարգին եւ իրենց ձեռքերը սուրիական արիւնով ներկուած անձերու հետ երկխօսութիւնը»:
Խօսելով Խաթիպի քայլին համաձայնական մարմինին վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին` Սապրա նշեց, որ «հետեւանքներ եղան, սակայն մարմինին մէջ կ՛ենթարկուինք ներքին երկխօսութեան պայմաններուն եւ կը կարծեմ, որ այն, ինչ որ պատահեցաւ, պիտի մեղմանայ, մանաւանդ որ վարչակարգը որեւէ երկխօսութեան պատրաստ չէ, այլ` կռիւը շարունակելուն այլընտրանք չունի, իսկ մենք յեղափոխութիւնը շարունակելու այլընտրանք չունինք»:
Ըստ անոր, «գետնի վրայ զարգացումները, այն յաղթանակները, զորս Սուրիական ազատ բանակը եւ ըմբոստները կ՛արձանագրեն, անոնք լուծումն ու տագնապէն ձերբազատումը պիտի ուրուագծեն»:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ «Սուրիոյ դէպքերը կ՛այրեն Թուրքիան, անոնք կարծէք մեր տան մէջ կը կատարուին, կարծէք մեր մարդիկը կը մահանան այնտեղ»:
Մուրսի իր կարգին յայտնած է, որ «Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար կ՛աշխատինք Թուրքիոյ հետ համատեղ: Այսօր քննարկեցինք սուրիական ճգնաժամի լուծման համար քառակողմ հանդիպումին (Եգիպտոս, Թուրքիա, Իրան եւ Սէուտական Արաբիա) կազմակերպման առնչուող հարցեր», ըսած է Մուրսի:
Անդրադառնալով հինգշաբթի օր Թուրքիոյ, Իրանի եւ Եգիպտոսի միջեւ Սուրիոյ հարցով տեղի ունեցած հանդիպումի արդիւնքին մասին հարցումին` Մուրսի նշած է, որ երեք երկիրներն ալ համամիտ են, որ Սուրիոյ մէջ պէտք է անյապաղ դադրեցնել արիւնահեղութիւնը: «Ատիկա մեզի համար կարեւոր հարց է, եւ յոյս ունինք, որ յաջողութեան հասնինք», ըսած է ան:


