Եգիպտոսի Ընդդիմութեան Ղեկավարները Սպաննելու Կրօնական Հրամանագիր Մը Հրապարակուած Է
«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը վերահսկողութեան տակ առած է եգիպտական ընդդիմութեան ղեկավարներէն Մոհամետ Պարատէիի տունը, այն բանէն ետք, երբ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հակառակորդները սպաննելու կրօնական հրամանագիր հրապարակուած է:
Ընդդիմութեան համակիրներուն դէմ ֆիզիքական բռնութեան կոչ ուղղող կրօնական հրամանագիրի հեղինակն է իսլամական Ազհար համալսարանի հոգեւոր հռետորութեան դասախօս շէյխ Մահմուտ Շաապան:
Կրօնական հրամանագիրը հրապարակուած է հիմք ունենալով Մոհամետ մարգարէի հետեւեալ խօսքը. «Ով հաւատարմութեան երդում տուած է կառավարիչին եւ անոր տուած իր սիրտն ու ձեռքը, թող անոր հնազանդի, այնքան ատեն որ կարող է: Իսկ եթէ մէկը անոր հետ իշխանութեան համար վէճ ընէ, կտրեցէք անոր գլուխը»:
Ըստ Շաապանի, դատաստանը պէտք է սկսիլ Ազգային փրկութեան ճակատի ղեկավարներէն Մոհամետ Պարատէիէն եւ Համտուն Սուպահիէն, որոնք կոչ կ՛ուղղեն տապալելու վարչակարգը եւ նախագահական նոր ընտրութիւններ կայացնելու:

