Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ գործուած ոճիրին գծով ամբաստանուած յանցագործներ արդէն իսկ Լիբանանէն փախուստ տուած են:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Արսալի մէջ ձերբակալուած յանցագործները արդէն իսկ սկսած են ազատ արձակուիլ:
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներու համաձայն, Ֆրանսա պիտի շարունակէ լիբանանեան բանակին օժանդակելու իր ծրագիրը, ինչպէս նաեւ պիտի ամրապնդէ լիբանանեան բանակին հետ իր գործակցութիւնը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Նաժի Հայեք յայտնեց, որ պէտք է անձեռնմխելիութենէ զրկել երեսփոխաններ Խալետ Տահերը, Մոհամետ Քապպարան եւ Մույին Մերեհպին:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի Արսալի բնակիչներէն պահանջեց լիբանանեան բանակին հետ գործակցիլ` ձերբակալելու համար յանցագործները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Հըզպալլայի դէմ Պուլկարիոյ ամբաստանութիւնը տակաւին կը մնայ անյստակ: Ան աւելցուց, որ ատիկա քաղաքական ամբաստանութիւն է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Հըզպալլա միլիսին գոյատեւումը պիտի շարունակէ մղել, որ լիբանանցիները բոլոր շրջաններուն մէջ շարունակեն զինուիլ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր շեշտեց, որ իրենք կը պահանջեն խորհրդարանին կէս անդամները ընտրել քրիստոնեայ համայնքին քուէներով:
ԱՍՈՐԻ կաթողիկէ համայնքի Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Իգնատիոս Գ. Եունան պատրիարքը շեշտեց, որ Արսալի մէջ պատահած անարգ ոճիրը շատ վտանգաւոր է: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ բոլոր սուրիացիները վտանգուած են եւ ոչ միայն քրիստոնեաները:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու պատասխանատուներ յայտնեցին, որ Արսալի դէպքին մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կեցուածքները պէտք եղածին չափ ուժգին չէին:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ շեշտեց, որ Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պահպանելու իր իսկական դիմագիծը, յատկապէս Լիբանանի մէջ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի ողջունեց Արսալի աշակերտներուն եւ ուսանողներուն կողմէ բանակին սպիտակ վարդեր մատուցելու, լիբանանեան դրօշակներ բարձրացնելու եւ Լիբանանի քայլերգը երգելու նախաձեռնութիւնը:
Ան շեշտեց, որ Արսալի մէջ միջհամայնքային սադրանքներ նախապատրաստող կողմերը իրենց ջանքերուն պէտք է վերջ տան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ Արսալի դէմ գրգռութիւններ հրահրելու արշաւը լիբանանեան բանակին ոչ մէկ ձեւով կրնայ օժանդակել:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ գործուած ոճիրը ամբողջ երկրին դէմ գործուած ոճիր կը նկատուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ լիբանանեան իրականութեան մէջ Իսրայէլի միջամտութեան պատճառը անկասկած Հըզպալլան պիտի ըլլայ:
ՍԱՅՏԱՅԻ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր երէկ ուղղուեցաւ Մաժտալ Այնճար, ուր այցելեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն: Ասիր ուղղուեցաւ նաեւ Սաատնայէլ, ուր այցելեց այն դպրոցները, ուր կը գտնուին սուրիացի գաղթականներ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Ժոմպլաթ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց ծերակուտական Ճոն Քերրիի` անոր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար նշանակուելուն առիթով:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ խախտեց Լիբանանի օդային սահմանները` թռիչքներ գործելով հարաւային Լիբանանի վերեւ:
Իսրայէլեան օդանաւերը Նապաթիէի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ գործեցին ցած թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը ռազմավարական է եւ ոչ թէ ժամանակաւոր կերպով փոխըմբռնում:

