«Պուրկաս»-ի Պայթումին Հարցով` Պուլկարիա Չէ Պահանջած Հըզպալլան Ահաբեկչական Կազմակերպութիւններու Շարքին Նկատել
Պուլկարիոյ «Պուրկաս» զբօսաշրջական համալիրին մէջ անցեալ տարուան 18 յուլիսին գործուած պայթումին մեղսակցութեամբ Հըզպալլային ուղղուած ամբաստանութեան մասին մեկնաբանութիւնները կը շարունակուին:
Այդ մեկնաբանութիւններուն շրջագիծին մէջ, Պուլկարիոյ վարչապետը երէկ հերքեց, թէ Պուլկարիա պահանջած է Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին դասել:
Միւս կողմէ, աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Լիբանան պաշտօնապէս ոչինչ իմացած է Հըզպալլայի դէմ ուղղուած Պուլկարիոյ ամբաստանութեան մասին:
Նշենք, որ յառաջիկայ շաբաթ, 16 փետրուար 2013-ին, Հըզպալլայի ղեկավարներ Ռաղեպ Հարպի, Ապպաս Մուսաուիի եւ Իմատ Մուղնիէի նահատակութեան նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին ընթացքին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անձամբ պիտի պատասխանէ Հըզպալլային ուղղուած այդ ամբաստանութեան:

