Տէյվիս Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Նոթինկհամ Ֆորեսթի Մարզիչ

Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբերէն Նոթինկհամ Ֆորեսթ նախանցեալ օր Պիլի Տէյվիսը երկրորդ անգամ ըլլալով նշանակեց ակումբի մարզիչ:

Սկովտիացի Տէյվիս, որ յունիս 2011-ին իր պաշտօնը կորսնցուցած էր, համաձայն գտնուեցաւ դարձեալ ստանձնելու իր այս պաշտօնը` նկատի ունենալով, որ ան մերժեց Պլեքփուլին միանալ:

Ֆորեսթի նախագահ Ֆաուազ Հասաուի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «Բոլորս ուրախ ենք անոր վերադարձով եւ յոյս ունինք, որ ան այս տարեշրջանին յաջողի իր լաւ արդիւնքները արձանագրել խումբին հետ»:

Ֆորեսթի քուէյթցի սեփականատէրերը` Հասաուի ընտանիքի անդամները, վերջին շրջանին մեծ ճնշումի տակ էին ակումբին կարգ մը զայրացած համակիրներուն կողմէ, ի տես արձանագրուած արդիւնքներուն:

Նշենք, որ այժմ Նոթինկհամ Ֆորեսթ 41 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը` 22 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Քարտիֆ Սիթիէն (որ ունի 63 կէտ) եւ այդ մէկը` 29-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք:

Ֆորեսթի պաշտօնազրկուած մարզիչն էր Ալեքս Մաքլիշ, որ 40 օր միայն մնաց իր պաշտօնին վրայ:

Այսօր, 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ֆորեսթ հիւրը պիտի ըլլայ 23-րդ եւ նախավերջին դիրքը գրաւող Պրիսթոլ Սիթիի:

Share this Article
CATEGORIES