Լուսանկարի Մը Առիթով
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Միջինարեւելեան գաղութներուն մէջ ուշագրաւ երեւոյթ է հայ լուսանկարիչներու ներկայութիւնը. ոմանք ասոր բացատրութիւնը կը գտնեն մահմետական կրօնին մէջ նկարի հանդէպ հաստատած ժխտական հաւատալիքին: Այլ խօսքով, Քուրանի մէջ նկարը եւ անոր առնչուող բոլոր երեւոյթները մեղք կը նկատուին: Ասոր կ՛աւելնայ պատմական այլ իրականութիւն մը:
Լուսանկարչական մեքենայի գիւտարարն է` Ուիլիըմ Հենրի Ֆոքս Թալպոթը, որ առաջին լուսանկարը թուղթի վրայ տպած է 1835-ին:
Եգիպտոսի, Յորդանանի, Պաղեստինի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի քաղաքներու պողոտաներուն վրայ միշտ կը հանդիպինք լուսանկարիչներու ցուցանակներու, որոնց վրայ կը կարդանք` Արթին, Յակոբ, Սարգիս, Միհրան, Հայկ, Տիգրան եւ բազմաթիւ անուններ կամ մականուններ:
Ո՞վ է հայ լուսանկարիչներու «նախահայրը»:
Երուսաղէմի պատրիարքութեան Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ` Եսայի վարդապետ (հետագային 1850-ին Եսայի Դ. Կարապետեան պատրիարք), Կ. Պոլիսէն կը ներածէ նկարչութեան սարքաւորումներ եւ վանքին մէջ կը հիմնէ շրջանի առաջին նկարչական լապորաթուարը Վանքի պատմական առաջին լուսանկարները իր ոսպնեակէն արտացոլուած են:
Եսայի վարդապետին շուրջ կը հաւաքուին վանքի սաները եւ կը սորվին նորագիւտ արհեստը: Դպրեվանք աւարտողներէն ոմանք կը վերադառնան իրենց բնօրանները, նկարչատուներ կը հիմնեն եւ արհեստը կը փոխանցեն իրերայաջորդ սերունդներուն: Հետագային այդ արհեստը արուեստի մակարդակի կը բարձրանայ:
Արաբական աշխարհի մէջ, եգիպտական ժապաւէններու վաղ շրջանին, թեքնիք կազմերու ցանկերուն մէջ հայ լուսանկարիչներու անուններու ջախջախիչ ներկայութիւնը ուշագրաւ երեւոյթ մըն է: Յայտնի անուններ են Թագւոր Անտոնեան, Նասիպեան եւ ուրիշներ: Նշանաւոր լուսանկարիչներ են նաեւ քանատահայ Եուզէֆ Գարշը (մահացած Քանատա) եւ պոլսահայ Արա Կիւլլերը:
Վերջերս Պէյրութի մէջ բախտաւորութիւնը ունեցայ, վայելելու լիբանանահայոց նահապետներէն, ազգային բարերար Կարպիս Նազարեանին դրացնութիւնը, որուն անուանակոչութեան տօնին այցելութեանս առիթով, երբ իմացաւ այլ պատուական հայորդիի մը հետ` դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի ունեցած մօտիկութիւնս, ինծի յանձնեց ընտանեկան լուսանկար մը` փոխանցելու համար անոր:
Խմբանկարը քաշուած է Այնթապ, 1900-ին: Կարպիս Նազարեան լուսանկարին ետեւ արձանագրած է հոն գտնուող տասնինը հոգիներու անունները` Եկաւեան գերդաստանէն (բնիկ արաբկիրցի) Հաճի Արթին աղայի գլխաւորութեամբ, որուն շուրջ համախմբուած են զաւակները, հարսերն ու թոռները. ասոնց մէջ են Զաւէնին մեծ հայրը` Հաճի Տիգրան աղա Եկաւեան (թիւ 4) եւ Կարպիս Նազարեանին մայրը` փոքրիկն Սաթենիկ Եկաւեան-Նազարեան (թիւ 19 ):
Արեւմտահայաստանի մեր բնօրաններէն բերուած հազուագիւտ բաներու շարքին են այս լուսանկարները, ինչպէս նաեւ` այլ կալուածային սեփականութեան հաստատագրեր, Սուրբ մատեաններ, ամուսնական ու ծննդեան վկայագրեր, դպրոցական վկայականներ, գորգեր, ձեռագործներ, հայերէն արձանագրութիւն ունեցող մետաղեայ պնակներ ու կաթսաներ եւ շարժուն այլ տեսակի արժէքաւոր զանազան իրեր, որոնք պատմական Հայաստանի հողերուն վրայ մեր գոյութեան շօշափելի փաստերն են:
Հայոց ցեղասպանութեան դարադարձի նախօրեակին, պահանջատիրութեան եւ ճանաչումի աշխատանքներու ընթացքին, փաստեր եւ վկայութիւններ հաւաքելու ծիրին մէջ կարեւոր բաժին մը կը ներկայացնեն մեր հնաբոյր լուսանկարները, յատկապէս` ընտանեկան խմբանկարները, ցրուած` սփիւռքի հայ երդիքներու տակ:
Համակարգչային գիտութեան եւ արդի հաղորդակցութեան միջոցներու օգտագործումով, թուայնացման դրութեամբ կարելի է կայքէջի մը մէջ ի մի խմբել այս լուսանկարները, Եղեռնի երկրորդ եւ երրորդ սերունդը կարողութիւնը ունին ճանչնալու եւ արձանագրելու ընտանիքներուն անունները, ինչպէս նաեւ` կազմելու գերդաստաններուն ծառերը:
Լուսանկարներու հաւաքման աշխատանքի նպատակով Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնուած է PROJECT SAVE հայկական միութիւն մը, որ 16- ամեայ կեանք ունի եւ զարգացման ընթացքի մէջ է: Լիբանանի մէջ ալ կը գործէ ARAB IMAGE FONUDATION, որուն նպատակն է Միջին Արեւելքի եւ արաբական սփիւռքի մէջ ցրուած լուսանկարներ հաւաքել, ասոր մէջ ներառուած են նաեւ հայկական թեմայով պատկերներ: Կը հանդիպինք նաեւ շքեղ հրատարակութիւններու` անհատական հաւաքածոներու բովանդակութեամբ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԽԻՒի մը հիմնումը, թէեւ ուշացումով, հրատապ կարեւորութիւն ունի այսօր` կորուստէ եւ փճացումէ փրկելու այս լքուած, սակայն անգին լուսանկարները:
Հարիւրամեայ սփիւռքը միշտ ենթակայ եղած է աղէտներու եւ մարդկային հաւաքականութիւններու տեղաշարժի, որուն պատճառով զանազան կորուստներու շարքին մենք կը կորսնցնենք սերունդներու ճիգերով հաւաքուած վերը նշուած արժէքներ: Վերջերս Հալէպի Նոր Գիւղի ծանօթ դէպքերուն առիթով, ցաւ ի սիրտ ականչալուր եղանք հանգուցեալ Խորէն Փիլաւճեանի հաւաքածոյի փճացումին:
Ազգային, միութենական, մշակութային եւ այլ մարմիններու կողքին, համակարգիչի տիրապետող նոր սերունդին ու Դիմատետրի վրայ տողանցողներուն աշխատանքի զօրակոչ մը կենսական է, Կարպիս Նազարեանի նախանձախնդրութենէն վարակուելով սկսելու այս հրատապ հարցի իրագործման:
Պէյրութ

