ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ռայա Հասան հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նիստէն մեկնումի պահուն յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը ներկայացուցած է առաջարկ մը, որուն հիման վրայ ան օրական 5 տոլարի (ամսական 150 տոլար) օժանդակութիւն պատրաստ է տրամադրելու հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներուն, ինչպէս նաեւ փոխադրակառքերուն:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կառավարութեան կազմութեան առումով ներկայացուցած է նոր առաջարկներ եւ այդ մասին պատասխաններ կը սպասէ համապատասխան քաղաքական ուժերէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ յայտնեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը պիտի ստանայ Ղաժար գիւղաքաղաքէն իսրայէլեան ուժերու հեռացման նուէրը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Քըլայաայի մէջ ձերբակալեց 54-ամեայ քաղաքացի մը` Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով: Ժամեր ետք բանակը ձերբակալեց նաեւ խնդրոյ առարկայ յանցագործին կինը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ Սուրիա կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հարցը չէ քննարկուած:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ գործող ղպտիական կազմակերպութիւնները խստիւ դատապարտեցին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած համայնքային բախումները, յատկապէս ղպտի եկեղեցիներուն դէմ գործուած բռնարարքները:

 

Share this Article
CATEGORIES