«ԶՕՐ. ԱՈՒՆԻ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԵՆ» ԿԸ ՇԵՇՏԷ Մ. ՌԱԱՏ

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ` հանդիպելէ ետք հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի, յայտնեց, որ ոմանք կը խոչընդոտեն խորհրդարանի նոր մեծամասնութեան կողմէ կառավարութիւն մը կազմելու նպատակով ի գործ դրուած ջանքերը, «սակայն այդ մեծամասնութիւնը իր պարտականութիւնները կը կատարէ եւ կ՛աշխատի պահպանել իր ուղեգիծը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի պահանջներուն` Ռաատ նշեց, որ այդ պահանջները սահմանադրական են եւ անվիճելի:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կատարած յայտարարութիւններուն ակնարկելով` Ռաատ զանոնք որակեց ժամանակաւոր դժկամութեան արտայայտութիւններ, որոնք շուտով վերջ կը գտնեն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES