Շէյխ Ասիր Այցելեց Մըսպահ Ահտապի

Նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ երէկ ընդունեց Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ահտապ յայտնեց, որ այս հանգրուանին Արսալ եւս թիրախ կը նկատուի, ինչպէս է պարագան հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի: «Հետեւաբար Արսալի շրջափակումը խիստ մերժելի է», ըսաւ ան:

Ան հարց տուաւ, որ կառավարութիւնը ո՞ւր էր, երբ Արսալ յարձակումի կ՛ենթարկուէր, եւ ինչո՞ւ բանակը Արսալ չէր գործուղած` ձերբակալելու համար սուրիական յեղափոխութեան հետ գործակցող անհատները:

Ահտապ հարց տուաւ նաեւ, որ արդեօք Արսալի մէջ ձերբակալուող անհատները Զինուորական ատեանին առջե՞ւ դատավարութեան պիտի ենթարկուին, թէ՞ հինգ տարուան բանտարկութենէ ետք պիտի ենթարկուին դատավարութեան` իսլամ բանտարկեալներուն նման:

 

Share this Article
CATEGORIES