Ֆայսալ Քարամէ. «Ռայի Պատրիարքին Թրիփոլի Այցելութիւնը Կը Վերահաստատէ Լիբանանեան Ազգային Համերաշխութիւնը»

Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ անցեալ շաբաթավերջին ողջունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Թրիփոլի կատարած այցելութիւնը` շեշտելով, որ իրենց կարծիքով, այդ այցելութիւնը շատ կարեւոր էր եւ պատմական:

Քարամէ շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքին Թրիփոլի այցելութիւնը եւ Մար Մարոնի տօնին առիթով անոր մատուցած պատարագը առիթ մըն էր վերահաստատելու Լիբանանի մէջ ազգային համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան արժանիքները:

«Թրիփոլիի մէջ Մար Մարոնի տօնը նշելու յանձնառութիւնը կը բովանդակէ պատգամներ, որոնք ուղղուած են Լիբանանին, Թրիփոլիին, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն: Այդ պատգամը կը հաստատէ, որ Լիբանան աւելի զօրաւոր է, քան բաժանումը, եւ կարելի չէ լիբանանցիները իրարմէ բաժնել, որքան ալ մեծ ըլլան անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )