«Մուսթաքպալ Հոսանքը Արսալի Մասին Նախաձեռնութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ, Երբ Հանդիպում Մը Ունենայ Զօր. Քահուաժիի Հետ» Շեշտեց Աթեֆ Մաժտալանի
Մինչ բանակն ու երկրին ապահովական կառոյցները կը հաստատեն, որ իրենք երբեք պիտի չսակարկեն Արսալի մէջ լիբանանեան բանակի նահատակուած զինուորներուն թափած արիւնին գծով եւ պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը, մինչեւ որ ամբողջացնեն բոլոր յանցագործներուն ձերբակալութիւնները, երէկ Մուսթաքպալ հոսանքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանիի, այցելեց Արսալ:
Արսալի մէջ իր կատարած յայտարարութիւններուն շրջագիծին մէջ Մաժտալանի շեշտեց, որ նախորդ տարիներուն Արսալ դիմագրաւած է լուրջ զրկանքներ, բայց եւ այնպէս տոկացած է դժուար պայմաններուն:
Ան աւելցուց, որ Արսալի եւ լիբանանեան պետութեան միջեւ յարաբերութիւնները կարելի չէ այս ձեւով խզել:
Մաժտալանի ցաւ յայտնեց Արսալի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպին համար` աւելցնելով, որ իրենք այս մասին ունին նախաձեռնութիւն մը, զոր պիտի բացայայտեն լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ իրենց ունենալիք հանդիպումէն ետք:
Նշենք, որ Մաժտալանի եւ անոր գլխաւորած Մուսթաքպալ հոսանքի պատուիրակութիւնը այցելեցին նաեւ Մրայժաթ, ուր նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի անունով ցաւակցութիւն յայտնեցին հազարապետ Փիեռ Պաշաալանիի ընտանիքին:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման այցելեց ենթասպայ Իպրահիմ Զահրամանի բնակարանը, ուր տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իրենք կատարեալ վստահութիւն ունին բանակի հրամանատար զօր. Քահուաժիին վրայ` լուծելու համար Արսալի աղէտալի դէպքին դրդապատճառները եւ հաշուետուութեան կանչելու յանցագործները:


