«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԿԱՄՔ ՉԿԱՅ» ՇԵՇՏԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին նիստը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:

Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն վերահաստատեց, որ կառավարութիւն կազմելու կամք գոյութիւն չունի:

Ան շեշտեց, որ ինք իրաւունքի տէր է եւ շահաբաժիններու մտայնութեամբ չէ որ կ՛առաջնորդուի:

Ակնարկելով այն յայտարարութիւններուն, թէ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը կառավարութիւնը կազմելու իրաւասութիւններ ունին, ան ընդգծեց, որ ինք ալ վստահութեան քուէ չտալու իրաւունք ունի: «Կը հաստատեմ, որ ներքին գործոց նախարարութեան տագնապին լուծման պիտի յաջորդեն առողջապահութեան, ուժանիւթի, հանրօգուտ շինութեանց, հաղորդակցութեան միջոցներու եւ այլ նախարարութիւններու տագնապներ եւ այլ խոչընդոտներ, որովհետեւ գլխաւոր հարցը այն է, որ կառավարութիւն կազմելու կամք չկայ երկրին մէջ», շեշտեց զօր. Աուն:

Զօր. Աուն նշեց, որ ինք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն խնդրած է օրէնսդրական նիստ մը գումարել` վաւերացնելու համար շարք մը օրինագիծեր:

Զօր. Աուն իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ ինք կը մղէ իշխանութեան նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնելու պայքարը:

 

Share this Article
CATEGORIES