ՊԸՐՐԻ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՍՏԵՂԾՈՒԵԼԻՔ ՔԱՈՍԷՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդգծեց, որ Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւններուն յաջողութեան պարագային, Լիբանանի մէջ ստեղծուելիք քաոսին եւ ապահովական կայունութեան խախտումներուն տարողութիւնը ոչ ոքի պատկերացումներուն սահմաններուն մէջ պիտի ըլլայ:

«Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ուշադիր ըլլալ, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքներն են, որոնք պիտի երաշխաւորեն այս երկիրներուն ապահովութիւնը:

Պըրրի զարմանք յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարութեան շուրջ այդքան վէճ կ՛արձանագրուի` անտեսելով բոլոր անցուդարձերը, «որովհետեւ եթէ արաբական մայրաքաղաքները հարուածող փոթորիկները հասնին Լիբանան, ապա ոչ ոք պիտի կարենայ նախարարութիւն կամ պարտականութիւն ստանձնել: Ներկայիս արաբական ոչ մէկ հոգատարութիւն կայ Լիբանանի վրայ, եւ պէտք է մենք մեր հարցերը մեր ձեռքով լուծենք», շեշտեց ան:

Պըրրի ընդգծեց, որ առաջնահերթութիւնը կառավարութեան կազմութիւնն է, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին եւ քաղաքացիին կարիքները հոգալ:

Նշենք, որ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Պըրրի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին յայտնած է, որ կատարուած իրողութեան կառավարութեան կազմութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր է, քան արձանագրուած տեղքայլը:

 

Share this Article
CATEGORIES